ՅՈՒՇԵՐ՝ ԱԼ-ՍԱՅԱՊԻՆ ՀԵՏ
1960-ին, անգործ էի: Արաբականութիւնը, ի՛նք եւս, անգործ էր, եւ երանի՜ այդպէս մնար: Այդ ատեն «Ալ-Շըըր»1 պարբերականին հիւր էի, իսկ ամբողջ խմբագրակազմը հիւր էր պարբերականին տիրոջ՝ Եուսէֆ ալ-Խալին2: Իսկ Եուսէֆ ալ-Խալը հիւր էր ալ-Սատաթ փողոցին՝ Րաըս Պէյրութի մէջ: Այդ ընթացքին, Պատըր Շաքէր ալ-Սայապը3 (իր յայտնի նրբագեղութեամբ) հիւր եղաւ բոլորին, մէկ քայլ արեւելք եւ մէկ քայլ ալ արեւմուտք քալելով, յօդացաւի (rheumatism) նշաններուն երեւան գալուն պատճառով. եւ որովհետեւ ան անմեղ ու միամիտ էր, ինչպէս նաեւ չէր գիտեր առանձինն շարժիլ, Եուսէֆ ալ-Խալը յանձնարարեց ինծի, որպէսզի ընկերանամ անոր՝ իր այստեղ կեցութեան ամբողջ ընթացքին: Երբ կը յանձնէր զինք ինծի, ըսաւ. «Շատ մի՛ չարչարեր զինք. ան մեծ բանաստեղծ մըն է»:
Մեր առաջին պտոյտին իսկ մեր միջեւ ընկերութիւն յառաջացաւ, մանաւանդ երբ յուզումի մէկ պահուն, ինծի փողկապ մը նուիրեց, սելքա կամ սամքա տիպի, չեմ յիշեր, որպէս նշան մեր յաւիտենական ընկերութեան: Պարտականութիւնս սկսաւ, անոր ծանօթացնելու Պէյրութի մշակոյթային կեանքին. իր թեւէն բռնեցի ու ըսի անոր.
-Ասիկա այսինչ փողոցն է, իսկ ասիկա այսինչ սինեման: Այս ճաշարանին մէջ ալ-Նասերականները կը նստին՝ յարձակելու համար ազգայնականներուն վրայ, իսկ այս ճաշարանին մէջ կը նստին ազգայնականները՝ յարձակելու համար ալ-Նասերականներուն եւ համայնավարներուն վրայ: Այս սրճարանին մէջ կը նստին «Ալ-Շըըր» պարբերականին համակիրները՝ յարձակելու համար բոլորին վրայ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը գրաւելով ամենէն լաւ սեղանը եւ ամենէն լաւ տեսարանը ունեցող սեղանը՝ առտուընէ իրիկուն մէկ գաւաթ սուրճ առնելով եւ յիսուն գաւաթ ջուր՝ կէս ոսկիով: Սրճարանին տէրը ճիշդ այս անկիւնը քաշեց ձեռքէս ու ըսաւ.
-Կամ կ՚ազատես զիս ասոնցմէ, կամ ալ կը քանդեմ սրճարանը զայն վերածելու համար շաուրմայի խանութի մը, ի պատիւ Եուսէֆ ալ-Խալին եւ անոր արդի բանաստեղծութեան:
Պատըրը մանուկներու նման կը խնդար այս տեղեկութիւններուն վրայ, իսկ ես՝ իմ կարգիս, իրմէ շատ աւելի ուրախ էի, մինչ իմ պարտականութիւնս լաւագոյնս կը կատարէի ի նպաստ բանաստեղծութեան եւ ազատութեան, անշուշտ իմ դիտանկիւնէս մեկնելով: Լայն փողոցները եւ բնակութեան վայրերը աւարտելէ ետք, սակայն, հասանք առեւտրական խանութներուն, պաստառներով խճողուած փողոցներուն եւ դիտողներուն, որով որոշ դժուարութիւններ սկսան յառաջանալ իմ՝ անոր ընկերակցելուս մէջ… Նկատեցի, որ ան երիտասարդներու նման տասը-տասնհինգ վայրկեանէ աւելի չի՛ կրնար պտտիլ… եւ կը սկսի ինքն իր եւ իր ընկերակցողին չորս կողմը դառնալ, այդ պատճառով ալ անգամ մը աջ կողմս եւ անգամն ալ ձախ կողմս կը տեսնէի զինք: Իսկ երբ իր ընկերակիցը չէր տեսներ իր կողքին, որեւէ մէկ բանի շուրջը կը դառնար՝ հոսանքի սիւնի մը, ճանապարհային ոստիկանի մը, կամ ինքն իր շուրջ: Ապա կը շարունակէր իր ճամբան եւ արդի եւ հին բանաստեղծութիւններուն մասին խօսիլը: Պապ Իտրիսի մէջ, ուր ընկերացայ իրեն, որպէսզի «Ըմ Ղելանին» նուէրներ գնէ, մանկապարտէզի երեք դասարաններէն աւելի յոգնեցուց զիս, որովհետեւ միայն նեղ փողոց մը կամ թաղ մը տեսնէր, բուն ճամբան կը ձգէր ու այնտեղ կը մտնէր, եւ միայն բաց դուռ մը տեսնէր՝ կը մտնէր անկէ ներս. խանութի դուռ, կամ պահեստարանի մը դուռ, ու կը շարունակէր իր խօսքը Սալահ Ապըտ ալ-Սապուրի4 եւ Ումար Ապու Րիշէի5 մասին:
Օրինակ, մինչ կը պատրաստուէինք զարդեղէններու խանութ մտնել, ան դեղարան մը, կամ օդային ճամբորդութեան գրասենեակ մը, կամ ալ խմորեղէնի փուռ մը կը մտնէր: Երբ չափը անցուց, անցնող դարձողներուն առջեւ ըսի անոր, կամ իմ կողքիս կը մնաս եւ ուր տանիմ՝ այնտեղ կ՚երթաս, կամ ալ ձեռքէդ կը բռնեմ եւ բարակ թելով մը կը կապեմ քեզ ու ընթերցողներուդ կը ներկայացնեմ քեզ՝ այդ վիճակովդ:
Սակայն, բանաստեղծական երեկոյթին ընթացքին, որ երեկոյ մը Պէյրութի մէջ անցուց, ամբողջութեամբ վերածուեցաւ ուրիշ մարդու մը, որ նախքան այդ երեկոն ո՛չ ընկերակցած եմ անոր եւ ո՛չ իսկ մէկ քայլ քալած եմ անոր հետ: Նոյնիսկ, երբ տեսայ, որ ներկաներուն կը նայի ուշադրութեամբ մէկիկ-մէկիկ եւ կատարեալ վստահութեամբ եւ հաստատութեամբ, վախցայ անկէ, եւ առաջին շարքէն անցայ ութերորդ կամ իններորդ շարքը: Այնտեղէն, սկսայ ուշադրութեամբ հետեւիլ իրեն. ամէն ինչ մեծ էր իր վրայ՝ բացի իր մարմինէն. սիրտը, ունակութիւնը, գլուխը, ականջները: Խեղճը, գլուխ մըն էր:
Երբ կիսալոյս լուսաւորուած բարձրախօսին մօտեցաւ, իր դէմքին բոլոր արտայայտութիւնները ջնջուեցան, եւ բացի իր ակռաներէն ոչինչ մնաց ժողովուրդին առաջ, որ այնքան յստակ էին կազմախօսականօրէն եւ գաղափարականօրէն, որ դուրս ցցուած էին անոր շրթունքներէն, եւ գրեթէ կը ծածկէին առաջին շարքին վրայ նստած հանդիսատեսը: Պարզուած լռութեան մէջ, իր Ալճիրական նշանաւոր բանաստեղծութիւնը սկսաւ ըսել. «Գերեզմանիս խորքէն կը պոռամ, մինչեւ որ գերեզմանները աղմկեն»:
Երեկոյթը երբ աւարտեցաւ, արդէն վերջին շարքը հասած էի, մեծ բանաստեղծին հաւնողներուն հռմշտկելուն պատճառով, որպէսզի հասնին անոր՝ փառաբանելու եւ շնորհաւորելու, Ալճիրական ազատութեան եւ յեղափոխութեան բանաստեղծին: Սակայն, միայն առաջին կին հաւնողը լալով բարեւեց անոր, թուլցաւ, եւ սկսաւ հեռուէն ձեռքի նշաններ ընել ինծի, որպէսզի հեռանամ: Եւ ինչքան իր շուրջը շատցան զինք հաւնողները (կին), իրենց հարուստ հագուստներով եւ գայթակղեցնող անուշահոտերով, նախանձը տիրեց իրեն աւելիով, եւ սկսաւ թռչիլ երեւակայական ժամադրութիւններու սուտ մթնոլորտին մէջ: Ապա ինծի ըսաւ իմաստը, թէ ներողամիտ գտնուիմ, որովհետեւ այդ գիշեր պիտի չընկերակցի ինծի, եւ թերեւս չի՛ կրնար տեսնել զիս, կամ մէկ ուրիշը մինչեւ երկու օր ետք, կամ երկու շաբաթ ետք: Կրկին անգամ վերադարձաւ փոխանակելու փաղաքշական խօսքերով զինք շրջապատողներուն հետ: Եւ երբ երկինքը անձրեւոտ էր, ու շատ լաւ գիտեմ այս տեսակի հիացմունքը եւ զգացումներու փոխանակումը վերարկուները հագուելու, ինչպէս նաեւ հեռանալու պատրաստուած ժամանակ՝ ակումբներու եւ մշակութային կեդրոններու մուտքերուն, մեղքացայ Պատըրին:
Տեղատարափ անձրեւ էր, տեսողութիւնը գրեթէ չքացած էր ծովուն եւ փողոցներուն վրայ, երբ ցտեսութեան ձեռնուիլները, յաջողութեան բարեմաղթութիւններն ու ուրիշ առիթներով հանդիպելու խոստումները սկսան լեցուիլ մեծ բանաստեղծին ականջներուն մէջ, մինչ ինքնաշարժներուն դռները կը փակուէին իրենց հետ տանելով համակիրներն ու հաւնողները՝ Պէյրութի գիշերող մութին մէջ: Իսկ Պատըրը, սրահին մէջ մնացող բարձրախօսի մը նման առանձինն մնաց սրահէն դուրս, եւ յանկարծ ամէն ինչ մոռցաւ: Ինծի մօտեցաւ ու սկսաւ ինքն իր շուրջ դառնալ իր սովորութեան համաձայն, իր թեւը թեւիս դրաւ ու միասին սկսանք ուղղուիլ գինետուններու կողմը՝ խնդալով ու կատակելով:
Ճամբուն վրայ, սկսաւ խօսիլ ինծի իր Իտալիա կատարած վերջին ճամբորդութեան մասին, իր նոր ախորժակին մասին՝ մաքարոններու նկատմամբ, ապա մաքարոնէն անցաւ խօսելու Ապըտ ալ-Ուահապ ալ-Պէյաթի6 բանաստեղծին մասին: Ապա դարձեալ սկսաւ խօսիլ Իտալիոյ մասին, ապա օդանաւի հիւրընկալներու շատախօսութեան մասին սկսաւ խօսիլ, ինչպէս նաեւ իր ծովով հմայուած ըլլալու մասին, եւ կատարած որոշումին՝ լողազգեստով լողալ սորվելու մասին: Ապա, լողալէն անցաւ ու սկաւ խօսիլ ալ-Շաուաֆի7 կատարած յեղափոխութեան մասին Մուսէլի (Իրաքի) մէջ: Երբ հարցուցի իրեն, թէ ի՞նչ կապ ունի այս նիւթը մեր խօսակցութեան հետ: Ան խոժոռ դէմքով նայեցաւ ինծի ու ըսաւ. փողկապը տո՛ւր:
Գինետան մէջ Պատըր յանձն առաւ գիշերուան անցուդարձը: Ան գայթակղեցուց մեզ եւ ձգեց իտալացի պոռնիկի մը ձեռքը, որ գլխապտոյտ պատճառեց մեզի նախքան մեր խմիչքները բերելը, առանց կարենալ անկէ որեւէ մէկ բան առնելու՝ մանաւանդ, որ Պատըրը առաջին գաւաթէն ետք այլեւս չէր կրնար զանազանել Հռոմը Միանմարէն: Իսկ երբ կէսգիշերը հասաւ, մեր գրպաններուն մէջ ո՛չ իսկ մէկ ղրուշ մնացած էր, որովհետեւ ամէն ինչ ծախսած էինք այդ իտալուհիի սեղանին վրայ: Ապա, ան Պատըրին հետ մեկնեցաւ՝ ըսելով, թէ առաջին հայեացքէն սիրահարած է անոր եւ յաւիտեան անոր հաւատարիմ պիտի մնայ:
Հեռացայ գինետունէն եւ դանդաղ քայլերով սկսայ հետեւիլ անոնց՝ առանց զանոնք հեռացնելու իմ տեսադաշտէս: Մինչ Պատըրը կը պարէր ու անոր չորս կողմը կը դառնար՝ համաձայն իր սովորութեան, եւ անոր իրաքեան երգեր կ՚երգէր՝ երեխայի աղմկոտ ձայնով, յանկարծ լռեց ու անհետացաւ: Յանկարծ տեսայ զինք, որ դիմացի փողոցի հիւրանոցի առջեւի մայթին նստած է առանձինն: Հարցուցի անոր.
-Ի՞նչ կ՚ընես այստեղ:
-Կը սպասեմ անոր:
-Ո՞ւր գնաց:
-Իր սենեակ բարձրացաւ, որպէսզի հագուստները փոխէ:
-Յետոյ ո՞ւր պիտի երթաք:
-Չեմ գիտեր:
Քաշեցի զինք ձեռքէն ու բորբոքած ըսի անոր, ե՛լ, բաւարար է այսքան խենթութիւն: Կին մը… այդքան գինով եւ քնատ, կը կարծե՞ս, որ կրնայ իր հագուստները փոխել եւ շպարուիլ գալու քու քովդ գիշերուայ այս ժամին: Կը վստահեցնեմ քեզի, որ նոյնիսկ իր սենեակ չէ հասած իր անկողինին վրայ քնանալու՝ ձեռքին իր պայուսակը: Զարմացած ըսաւ, անկարելի է, ան խոստացաւ ինծի:
Ըսի անոր.
-Ո՞վ է որ խոստացած է քեզի: Սուհէյր ալ-Քալմաուի՞ն8, Ինտիրա Կանտի՞ն: Ոտքի ե՛լ եւ մի՛ խայտառակեր մեզ, լոյսը բացուեցաւ:
Ոտքի ելաւ. մեր մօտէն գիշերային պահակ մը անցաւ ու ըսաւ.
-Ի՞նչ կ՚ընէք այստեղ:
Ըսինք անոր.
-Դուն գործ չունիս մեր հետ: Մենք ժամանակակից բանաստեղծութեան ռահվիրաներէն ենք:
Առաջին փոխադրակառքով հիւրանոց ուղղուեցանք: Այն վայրկեանին երբ այնտեղ հասանք, հանրակառքը հասաւ եւ որոշ ժամանակ մը կանգնեցաւ այնտեղ՝ յաճախորդներ հաւաքելու համար: Անոր հրաժեշտ տալէ ետք, հեռացայ այն համոզումով, թէ այս գիշերը առանց խնդիրի անցաւ, սակայն, ան փոխանակ հիւրանոց մտնելու, հանրակառք մտաւ ու քշեց զայն…: Կը կարծեմ, որ ան նոյն ձեւով ալ նախապէս Համայնավար կուսակցութիւն մուտք գործած էր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Բանաստեղծութիւն:
2 Լիբանանցի-սուրիացի բանաստեղծ: Ծնած է 25 դեկտեմբեր 1917-ին, Սուրիոյ մէջ: Զինք կոչած են՝ «Երկու երկիրներու զաւակ բանաստեղծը»: Առաջին բանաստեղծներէն կը համարուի, որ արդի բանաստեղծութիւն գրած է: Ալ-Խալը նաեւ թարգմանութիւններ կատարած է: Հիմնած է «Ալ-Շըըր» պարբերականը 1957-ին, որ լոյս տեսած է մինչեւ 1964-ը: Բազմաթիւ բանաստեղծական հատորներու հեղինակ է: Մահացած է 1987-ին, քաղցկեղի պատճառով:
3 Պատըր Շաքէր ալ-Սայապ: Իրաքցի բանաստեղծ: Ծնած է 1926-ին: Քսաներորդ դարու արաբ ամենէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ կը համարուի Արաբական գրականութեան մէջ ազատ բանաստեղծութեան հիմնադիրներէն մէկը: Մահացած է 1964-ին:
4 Մուհամմատ Սալահ ալ-Տին Ապըտ ալ-Սապուր Եուսէֆ ալ-Հուաթքի: Ծնած է 3 մայիս 1931-ին, Եգիպտոսի մէջ: Նշանաւոր արաբ բանաստեղծ մը: Եղած է «Ալ-Ահրամ» պարբերականին գրական բաժինի խմբագիրը: Մահացա է 15 օգոստոս 1981-ին:
5 Սուրիացի բանաստեղծ: Ծնած է 10 ապրիլ 1910-ին: Ապու Րիշէն կը համարուի արաբ մեծ բանաստեղծներէն եւ մտաւորականներէն մէկը: Մահացած է 14 յուլիս 1990-ին:
6 Իրաքցի մտաւորական եւ բանաստեղծ: Ծնած է 1926-ին: Կը համարուի այն չորսերէն մէկը, որ հիմնած են Իրաքի արդի բանաստեղծական դպրոցը, Նազէք ալ-Մալաաիքայի, Պատըր Շաքէր ալ-Սայապի եւ Շազէլ Դաքայի հետ: Մահացած է 1999-ին, Սուրիա:
7 Գնդապետ Ապըտ ալ-Ուահապ ալ-Շաուաֆ: Ծնած է 1916-ին: Իրաքցի բարձրաստիճան զինուորական: 8 մարտ 1959-ին ղեկավարած է յեղաշրջումը Ապըտ ալ-Քարիմ Քասէմի վարչակարգին դէմ, որով այդ շարժումը ստացած է Շաուաֆի շարժում, կամ յեղափոխութիւն անունը: Շարժման յաջորդ օրն իսկ՝ 9 մարտին սպաննուած է:
8 Եգիպտացի նշանաւոր գրական ու քաղաքական գործիչ: Ծնած է 20 յուլիս 1911-ին: Առաջին եգիպտացի կիներէն է, որ Գահիրէի համալսարան յաճախած է, 1941-ին: Բամզաթիւ յօդուածներու եւ գիրքերու հեղինակ է: Մահացած է 4 մայիս 1997-ին: