ԱԿՆԱՐԿ - 128 - ՄԵՐ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ՇՈՂԱՑՈՂ ԱՍՏՂԸ
Անցնող օրերուն ընտանիքիս հետ Երեւանի Օփերային թատրոնէն ներս ներկայ գտնուեցայ Վահան Արծրունի «ՄԱՇՏՈՑ * ԿՈՄԻՏԱՍ» համերգային ծրագիրին, որ կ՚ընդգրկէր «Մաշտոց. Սրբազան մարգարիտներ», Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շարականներու մեկնութիւն, եւ՝ «Կոմիտաս. Տասը յայտնութիւն». երգաշար՝ գրուած Կոմիտասի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ:
Համերգը տեղի ունեցաւ երգահան-երաժիշտ Վահան Արծրունիի, սոփրանօ՝ Նելլի Քալաշեանի եւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի սիմֆոնիկ նուագախումբի կատարմամբ՝ ղեկավարութեամբ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ երաժշտապետ (conductor)՝ Կարէն Դուրգարեանի:
Ներկայ ժամանակները ծանր ժամանակներ են մեր ժողովուրդին համար: Կարծէք մեր կողմնացոյցը կորսնցուցած ենք եւ սկսած են թալկանալ՝ մեր ծառին դարաւոր բունը վտանգելով:
Արժէքներու փոփոխութիւն, ըմբռնումներու այլափոխութիւն, սկզբունքներու ոտնահարում, աւանդութեան ուրացում, հայկականութեան եւ ազգայնականութեան դրժում, հոգեւորի անտեսում, նոր «արժէք»ներու դաւանում, այլասերուած սկզբունքներու որդեգրում, ազատութեան անուան տակ ստրկապետութեան նախաքայլեր, նորարական այլանդակութիւններ՝ զուրկ ազգայնականութենէ, բարոյականութենէ եւ հայկականութենէ, կարծէք մեր օրերուն դրօշակները դարձած են, որով դարձեալ կը կրկնեմ, փորձ կը կատարուի թալկացնելու մեզ եւ մեր ծառին դարաւոր բունը վտանգելու:
Այս բոլորին դիմաց, ահա դարձեալ Վահան Արծրունի աստղը կը շողայ մեր երկնակամարին վրայ, յուսադրելով եւ ոգեւորելով, եւ իր արուսետով յայտարարելով, թէ հայուն արմատը տակաւին առողջ է, տակաւին կանգուն է, հակառակ բազմաթիւ ժխտական երեւոյթներու եւ իրողութիւններու:
Ըսեմ, որ Վահան Արծրունին կատարելապէս հեռու է «աստղ» մը ըլլալու յաւակնութիւնը ունենալէ, որովհետեւ իրականութեան մէջ ինք վաւերական ԱՍՏՂ մըն է, այդ հանգամանքը պարունակող բոլոր կողմերով ու յատկութիւններով: Աստղ մը, որ իր իւրաքանչիւր քայլափոխին, իւրաքանչիւր արարքին լոյս կը շողացնէ, լոյս կը ցոլարձակէ իր շրջապատին եւ զինք լսողներուն վրայ: Աստղ մը, որ չի՛ ջանար ինքն իրեն արհեստական լուսաւորութիւն տալու, այլ՝ իր գործով, համոզումներով եւ սկզբունքներով է, որ կը լուսաւորուի: Աստղ մը, ի վերջոյ, որ կը հաւատայ իր գործին, իր առաքելութեան եւ իր կոչումին:
Վահան Արծրունին եւ իր նմանները, լուռ, հաւասարակշռուած եւ խաղաղ կերպով իրենց ունեցածը գիտեն ո՛չ միայն փոխանցել, այլ իրենց ունեցածով կը ներթափանցեն մարդու էութեան խորքերը, սփոփելու կոչ կ՚ուղղեն, յոյս եւ հաւատք կը ներշնչեն չյուսահատելու, չհիասթափելու, այլ՝ շարունակելու գործել եւ արարել, շարունակել մեզի բաժին հասած լուման նետելու մեր ազգին դարաւոր գանձանակին մէջ, համոզուած ըլլալով, որ այդ լումաները իրենց դրական եւ գործօն ազդեցութիւնը պիտի ունենան յարմար ժամանակին:
Ընթերցողը թերեւս հարցնէ, «Մաշտոց * Կոմիտաս» խորագիրը կրողը համերգը ի՞նչ կապ ունի այս բոլորին հետ: Աւելին, արուեստը, մշակոյթը ի՞նչ առընչութիւն կրնան ունենալ այս բոլորին հետ: Պատասխանը շատ պարզ է. կապ եւ առընչութիւն ունին, որովհետեւ այս բոլորը՝ արուեստ, մշակոյթ, հաւատք, ազգութիւն, ազգայնականութիւն, հայկականութիւն, ասոնց կրնանք աւելցնել գրականութիւն, առընչուած են իրարու, որովհետեւ մէկ ամբողջական շղթայի մը օղակներ են, որոնցմէ մէկուն բացակայութեան կամ չգոյութեան պարագային, շղթան կը դադրի շղթայ ըլլալէ:
Անդին, թերեւս այսքան խորերը չերթայի, եթէ Նելլի Քալաշեանի առաջին կատարումը՝ «Անկանիմ առաջի Քո»ն այդքան խոր չ՚ազդեր վրաս ու ամբողջ համերգը ըմբոշխնէի այդ ազդեցութեամբ…: Այսօր, շատերու համար հաւատքի կեանքը, այլ խօսքով Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը դարձած է ժամանակավրէպ: Բայց արդեօք այդպէ՞ս է: Եթէ այդպէս ըլլար, վստահաբար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը իր «Անկանիմ առաջի Քո»ով դարեր շարունակ պիտի չազդէր հայուն վրայ:
«Անկանիմ Առաջի Քո եւ խնդրեմ զթողութիւն յանցանաց իմոց.
մի անտես առներ, Հայր, զաղաչանս իմ:
Աղաղակեմ որպէս մաքսաւորն. եւ հեղում զարտասուս իմ առաջի Քո որպէս պոռնիկն.
մի անտես առներ, Հայր, զաղաչանս իմ:
Յաներեւոյթ թշնամւոյն պարտեցայ, եւ ի գաղտնի նետից բանսարկուին վիրաւորեցայ,
մի անտես առներ, Հայր, զաղաչանս իմ»:
Ինչպէս նաեւ Կոմիտասը ամէն օր նորովի պիտի չներգործէր հայուն վրայ:
«Բարակ ուղին սողալով։
Ոտի տակին դողալով՝
Ճամբի ծայրին բուսել է
Կեանքի ծառը շողալով։
Ի՜նչ լայն սիրտ է, որ ունի,
Այս ճանապարհն Անհունի․․․
Մարդու, բուսի, գազանի
Եւ թեւաւոր Թըռչունի»:
Այս եւս պէտք է նշել, որ ցաւօք շատերու համար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցն ու Կոմիտասը տակաւին անհասանելի բարձրունքներ են, եւ մեզմէ շատեր մակերեսայնօրէն է, որ կը ճանչնան զանոնք: Մենք մեր մեծութիւնները չե՛նք ճանչնար, ինչի հետեւանքով ալ կը գտնուինք վերը նկարագրածս վիճակին մէջ:
Վահան Արծրունին եւ անոր նման արուեստագէտներու սակաւաթիւ փաղանգ մը կայ, որ այս առումով հսկայ աշխատանք կը տանին ճանչցնել տալու համար հայ մեծութիւնները, որպէսզի զանոնք եւ անոնց ժառանգ թողած աւանդը ճանչնալով՝ այսօրուան հայը ինքզինք ճանչնայ եւ կարենայ իրեն վստահուած աւանդը փոխանցել գալիք սերունդներուն: Այս առումով եւս Վահան Արծրունին եւ իր նմանները շա՜տ մեծ բեռ ունին իրենց ուսերուն:
Մաղթեմ, որ մեր երկնակամարին շողացող այս աստղը շարունակէ փայլիլ, շարունակէ ստեղծագործել, շարունակէ իր հեզութեամբ ու պարզութեամբ վարակել շատերը, որպէսզի ընթանան նոյն ճանապարհով, կարենալ պահպանելու համար հայուն տեսակը, իրակա՛ն հայուն տեսակը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 յուլիս 2025, Վաղարշապատ