ՄԵՂՐԻԻ ՄԵՂՐԸ ԵՒ ՄԵԾ ՈՒ ՓՈՔՐ ՀԱՐՑԵՐ

Մամայիս հետ կը խօսէինք Ստալինի ժամանակներուն, համայնավարութեան, ներգաղթին եւ սփիւռքահայ կիներու համայնավարներու կողմէ անդամահաւաքութեան մասին, երբ յանկարծ դուռը զարնուեցաւ: Առանց նայելու բացի եւ օհհհհհհհհհ… կարծես ժամանակը ինքնախառնուեցաւ եւ անկապ տեղաբաշխումներու, գերզգայնականութեան փոխանցման անցաւ եւ եօթանասունն անց կարճահասակ մարդ մը՝ տառապագին դէմքով, բարակ պեխերով, կոշտացած ու մեծցած ձեռքերով ըսաւ.

-Մեղր կը ծախեմ, Մեղրիէն եմ: 

Եւ սկսաւ խնդրարկու ձայնով պատմել 6 քիլօ մեղրի, իր մահացած տղուն եւ Երեւան գալուն մասին: Չգոյանալու պէս բան մը եղաւ ինծի․ ո՞վ է այս մարդը, ինչպէ՞ս յանկարծ հասաւ մեր դրան դիմաց, ո՞ր ժամանակներն եմ ես, ի՞նչ է իմաստը այս ամէնուն եւ ինչո՞ւ «ստալինեան» զրոյցի մէջտեղը յայտնուեցաւ մեր այս հայրենակիցը, ամէն Հայաստաններուն մէկ անգամէն յարութիւն տալով, նոյն ատեն զանոնք սգալով: Ներս հրաւիրեցի զինք եւ երբ կօշիկները հանեց, ձեւով մը սկսայ հաճելի զգացում մը ապրիլ. այն զգացումը, որ մեծամտաբար կարեկցանքը կու տայ, բայց, նոյն ատեն, երբ ինքնապարսաւումով մը կ՚ուզես նոյն պահուն հոգիդ մեծցնելով անձիդ դիմաց՝ բարի գործով մխիթարուիլ։ Կարեկցանքիդ խայթերը բուժելով եւ աշխարհի ամէն տառապանքները մէկ երկվայրկեանի մէջ սպառելու փորձով՝ կարծես երբեմն կը մղուիս լուծելու մարդկութեան գերագոյն իմացուած ու չիմացուած հարցը: 

Մեղրի ու Մեղրիի եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի տառապանքները, ինչպէս ամէն անգամ, բայց, այս անգամ այս հայրենակիցին միջոցաւ․ չեմ կրնար հերքել, որ ցաւագնօրէն, բայց գերբնածին դիւթանքով մը կը հոսէր: Ան աւելի քան քսանհինգ անգամ ըսաւ «ձեր ցաւը տանիմ»՝ չիմանալով, որ ամէն մէկ այդ ցաւի տարման մաղթանքին հետ աւելի կ՚երկարեցնէր մեր անցած պատմութեան դիպաշարը: 

2025 թուական․ համաշխարհայնացում, գերբաց աշխարհ, յորդուն ժամանակներ, մարդկային նուաճումներ, նոյնիսկ վրէժխնդրական գորովանք գերվազքէն, պատմագիտութենէն։ Համայնավարութիւնը, ընկերվարութիւնը, պետութիւններու յաջողութիւններն ու ձախողումները կարծես հիմա կ՚որակաւորուին պարզ մարդու մը միջոցաւ, ի հեճուկս համաշխարհային մեծ տնօրինման։

21-րդ դարու ազգայնամոլութեան թօթափման կոչերը պահ մը հայրենակիցին սեւ գուլպաներուն հետ արշաւեցին՝ նոյն պետական ձախողումները բարդելով ազգային նկարագիրներուն:

21-րդ դար. դար գիտութեան ու անհատականութեան հաւաքակագործմամբ, բայց, ո՛չ վիպապաշտութեամբ, ո՛չ համայնավարութեամբ, ո՛չ սխալներու կրկնութեամբ: Դար, ուր երեւելի են մարդկային դիմագծումն ու չափանիշներն ու չափանիշացումը՝ ամէն տեղէ ու ամէն վայրկեան: 

Մեղրին ու միջանցքները, Մեղրին ու մեղրերը…

Հայաստանի քարտէսին ողբերգականութիւնը համտեսեցնող մեղրի արտադրանքով, այս մեր հայրենակցի ձեռքերով, աչքերով ու հայերէն լեզուով, որոնք կը խօսէին զարմանալիօրէն Ստալինի եւ անվերջ տառապանքներու մասին․ աւելի ճիշդը՝ տառապանքի մակարդակին, որակին, օդին, տեղածնութեան ու անժամանցելիութեան մասին:

Զգացի նորէն, որ ցեղասպանութիւնները, պայքարները, երթերը, կայսրութիւնները, ինքնութիւնները, կրօնները մաղող, վերծանող, նուագող-երգող ու յատկապէս մարմնաւորող մշտական շրջիկ կամ տեղական, անժամ կամ ժամադրային հոգիներ կան։ Եւ այս հայրենակիցը մեր, որ Մեղրիի մեղրը կշռեց ու տուաւ, տեղ մըն ալ հաւանաբար գիտցաւ կարծես, թէ այդ հոգիներէն մին էր ինքը:

Սովետական շրջանը արդէն դասակարգուած է՝ իբրեւ չարիքի շրջան․ Արեւմուտքին ու բաց հասարակութիւններուն կողմէ՝ ինչքան ալ չքաւոր խաւերը զայն յիշեն՝ իբրեւ կուշտ ու անվտանգ ըլլալու հոմանիշ։ Նոյն «մուժիկ ռուսը» կարծեմ դժուարաբար կարօտնայ զայն, երբ հիմա «մոպայլ» ունի կամ համացանց: 

Հայաստանի Մեղրին ու Մեղրիի մեղրը այս կիրակի օրուայ ընթացքին կարծես մեզ հաւասարակշռութենէ դուրս հանեցին, զայն ճաշակելէ առաջ։ Այդ նոյն մեղրը, որմէ կը ծորի մօտիկ պատմութեան 88-ի երկրաշարժը, Արցախի պատերազմն ու տառապածին յաղթանակը, արտագաղթը, կեղեքումը, գերաղքատութիւնը, սակաւատիրութիւնը եւ անոր դէմ թաւիշն ու յեղափոխութիւնը, ապա պարտութիւնը եւ դաւաճանեցումները, ապա աւելի անտանելի դարձող ցոփութիւնը՝ գողցուած դրամներով եւ եւրոտենչութիւնն ու Թրամփի ուղին:

Այո՜, ահռելի վիշտ կայ այս մեղրին մէջ, միեւնոյն ատեն, տակաւին կարծես, թէ հպարտ եմ մեր 21-րդ դարու նուաճումներով եւ չեմ կրնար ուրանալ զանոնք:

Ուտելով եւ քննելով մեղրը՝ յայտնաբերեցինք, որ կեղծ է այն եւ մեծամասնաբար բաղկացած է շաքարէ: Կեանքի դժուար զգացումներէն է խաբուած ըլլալը եւ նշանակութիւն չունի տեղ մը, երբ այդ խաբեբայութեան աղբիւրը եկած է թշուառականէ, տառապեալէ կամ շողոքորթէ։ Ինչքան ալ ակամայ ընկերաբանական դրոյթներով կամ տնտեսական ու կրօնական համակարգերու դրուածքներով արդարանայ չքաւորին խաբեբայութիւնը (թէ՛ անձնապէս իր կողմէ իբրեւ ինքնարդարացում եւ թէ իբրեւ խաբուած անձին կողմէ իբրեւ բարեգործութիւն), այն կը մնայ խաբեբայութիւն:

Մեր հայրենակիցը մեզ խաբած էր եւ մենք կրկնակի-երրակի ստուգումներ կատարելէ վերջ, դժկամօրէն տեղի տուինք մեր խաբուած ըլլալու դառն զգացումին դիմաց՝ տեղ մըն ալ ցաւ ու ափսոսանք յայտնելով նախ մեր հայրենակիցին խաբեբայ ըլլալուն եւ նոյն ատեն մեր խաբուած ըլլալուն համար։ Չհամարձակելով այդ ցաւը ցասումի ու վատ խօսքի վերածել կամ վանելով մեծն գայթակղութիւնը բնովելու ու վատաբանելու մեր հայրենակիցը (որ մեր սիրտը շահած էր), ձեւով մըն ալ մեր սիրտը չվերագծելով ու ամէն առիթի չխառնուելով անոր զգացական գործին՝ պարզ ափսոսանքով մը մեղմացուցինք մեր զգացումները ու առաջ անցանք:

Ամէն պարագայի Հայաստանի ցաւերը, հոգերն ու ձախողումները, գումարուած ամէն վայրկեան մեր շունչը կտրող եւ ահռելի կշիռք ունեցող պատմութեանն ու տարածաշրջանի ու համաշխարհային ներկայ վիճակի պատկերներուն՝ կրկնակի կապ մը կը գծէին աչքիս դիմաց այդ մեղրի կեղծ ըլլալուն հետ։ Բայց, չուզեցի հոս այդ մէկը երկարօրէն շարադրել կամ ալ կարճ ու մեղմացած ձեւով ըսած՝ չուզեցի երկարել գրութիւնը՝ քանի հաւանաբար սա պիտի վերափոխէր խորագիրը ուրիշ բանի մը․ օրինակ՝ Մեղրին, մեղրն ու խաբեբայութիւնը։

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025