ԲԱՌԸ՝ «ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»

Օրեր առաջ, ըստ մեր դարաւոր եւ նոյնքան ալ գեղեցիկ սովորութեան՝ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան աւետման առթիւ եւ անոնց յատուկ, բոլորին նման, հարիւրաւոր ողջոյններ, բարեմաղթութիւններ եւ քրիստոնէավայել խապրիկներ ստացայ թէ՛ բանաւոր, թէ՛ հեռաձայնով, թէ՛ դիմատետրիս էջիս վրայ:

Լաւ բան է: Նման մաղթանքներ իրարու փոխանցելը, տեսակ մը տարբեր մթնոլորտ կը ստեղծէ: Կը զգաս եւ կ՚ապրիս տօնական պահը: Այս եւ նման բարի մաղթանքները ազգային մեր գեղեցիկ աւանդութեան մաս կը կազմեն:

Ամանորի շեմին արդէն սրտանց մաղթած էինք, որ նոր հասած տարին ըլլայ տարբեր իր նախկինէն եւ կամ նախկիններէն են ու իր հետ բերէ լաւն ու բարին, իրաւ խաղաղութիւնն ու առողջութիւնը: Քրիստոսի ծննդեան առիթով մեր սրտերէն բխող աղօթքներուն կը խառնենք նաեւ մեր բարեմաղթութիւնները:

Իսկ հիմա Սուրբ Ծնունդ է:

Մեզի համար այս տօնը մարդուս ներսէն, հոգիէն ճառագայթող լոյս-ուրախութիւնն է, որ դէմքերը կը լեցնէ անօրինակ երանութեան յոյսերով եւ ժպիտներով: Տակաւին, աննախադէպ իրադարձութեան մը ծնունդով փնտռուած տօն մըն է Յիսուսի Ծնունդը, որ արդէն աշխարհը գրաւած է քսան եւ մէկ երկար դարերէ ի վեր:

Այսպէս ժառանգած ենք: Որովհետեւ մեր պապերուն համար աշխարհի չափ հին այս տօնը, սոսկ ու պարզ տարեդարձի մը յիշատակումէն անդին, իրենց հոգիները բերկրանքով լեցնող օր մըն ալ է, որ դարեր առաջ եկաւ եւ մեզի հետ նաեւ կլանեց աշխարհի մարդոց հոգիները՝ զանոնք լեցնելով յոյսով, հաւատքով եւ հեքիաթային ուրախութեան գոյներով:

Ու հիմա, ահաւասիկ, կրկին անգամ կը յիշատակենք իր ծնունդը` աղօթքներով, խունկով եւ մոմերով եւ զիրար կ՚ողջունենք ըսելով.

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»:

Ճիշդ է, որ երբեմն Ամենակալին նոյնիսկ բարձրաձայն բողոքած ենք, պոռացած Անոր երեսին, զԻնք փնտռած ենք եւ չենք գտած, կարծած ենք, որ Ինք մեզ բոլորովին մոռցած է…, բայց, միշտ մնացած ենք իր մէկ հատիկ Զաւակին հաւատարիմ եւ առաջին հետեւորդը: Իրապէս որ մեր ապրած կեանքը այդքան ալ պարզ չէր, որովհետեւ գիտակցաբար եւ յաճախ ալ անգիտակցաբար կը վերաբերէինք թեթեւամտօրէն: 

Ու բնական է, որ երբեմն մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին չարն ու բարին, ճիշդն ու սխալը, պատշաճն ու անպատշաճը ակամայ իրարու կը խառնէինք:

Աւանդութիւն է իրարու բարի մաղթանքներ փոխանակելը: Եւ կը կարծեմ, թէ աւանդութիւնը կը նպաստէ մեր ինքնաճանաչման: Որովհետեւ, աւանդութիւնը նաեւ բարի սովորութիւն ալ է, մեզի անգիր հասած դարերու ճամբով:

Ուրեմն աւանդութիւնը ո՛չ առասպէլ էր եւ ո՛չ ալ պատմութիւն. ուղղակի պարզ եւ նոյնքան ալ խրթին երեւոյթ: Օրէնք է. եթէ կ՚ուզէ՛ք, կամ օրէնքի վերածուած ազգային եւ պատմական արտայայտութիւն: Մաքուր պատգամ՝ որ մեզ մտածելու կը մղէ: Դասատու ալ է:

Աւելին՝ յատուկ յիշողութիւն եւ կեանքի մաքուր թելադրանք եւ ոճ:

Ու հաւատացէ՛ք… աւանդութիւնն է մեզ պահողը, եւ անոր անտեսումը կամ խեղաթիւրումը կը վրդովեցնէ, հեգնանքի կը վերածէ մեր պատմական ինքնութիւնը: Այսպէս սորված էինք. այսպէս ալ դաստիարակուած:

Չարչարանքներու, զրկանքներու, դժբախտութիւններու եւ պարտութիւններու, ջարդերու եւ կոտորածներու… մէկ խօսքով՝ մեզի սահմանուած աշխարհին մէջ ապրած ենք կեանքի թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը, սակայն, կրկին վերադարձած ենք մեր հաւատքին եւ վերապրած իբրեւ փիւնիկ:

Իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներ, մեր պատմութենէն սորված ենք տառապանքի լեզուն:

Մեզի համար այս տօնը լոյս է, մեզ անօրինակ երանութեամբ լեցնող յոյսերով եւ բարի մաղթանքներով, ժպիտներով եւ ցնծութիւններով: 

Այսպէս ժառանգած ենք։ Մեր պապերուն համար աշխարհի չափ հին այս տօնը սոսկ պարզ տարեդարձի մը յիշատակումէն անդին իրենց հոգիները բերկրանքով լեցնող օր է՝ մարդոց հոգիները լեցնող յոյսերով, հաւատքով եւ հեքիաթային ուրախութեան գոյներով:

Բարոյախօսութիւն չեմ ուզեր կատարել՝ գիտեմ, որ Քրիստոսի ծնունդը նոր կեանքի մը լաւագոյն սկիզբն է այս դաժան աշխարհին մէջ: Այլ խօսքով, բարութեամբ լի: Կեանքի նոր մեկնարկ մըն է բոլորիս համար՝ լաւ յիշենք՝ առանց հաւատքի կը կորսնցնենք մեր կեանքին կշռոյթը:

Քրիստոսի ծնունդը միայն բարի լուր մը չէ, այլեւ, եթէ կ՚ուզէք, գաղտնագիր մը, ինչ որ կրնան կարդալ բոլոր անոնք, որոնք իրենց հոգիներէն ներս անխափան պահած են Փրկիչին պատգամած խօսքերը:

Արդ, հայկական Սուրբ Ծննդեան տօնին ուրախ առիթով… ձեր բոլորին՝

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. ձեզի մեզի մեծ աւետիս»:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Յունուար 5, 2026