ԱԿՆԱՐԿ - 107 - ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Եթէ մօտիկ անցեալին գրիչ շարժելը, գրելը որոշներու տրուած էր, աւելի ճիշդ որոշներ միայն իրենց մէջ համարձակութիւն գտնելով գրիչ կը շարժէին, ապա մեր օրերուն գրիչ շարժելն ու գրելը վերածուած են սովորական երեւոյթի, ինչպէս, օրինակ, սովորական երեւոյթ է իւրաքանչիւր մարդու համար ամէն առաւօտ արթննալէն ետք երեսը լուալը:

Բնականաբար իր մէջ բազմաթիւ վտանգներ կը կրէ նման իրավիճակ մը, որ ուղղակիօրէն կը սպառնայ գիր ու գրականութեան, ինչու չէ նաեւ լեզուին, եւ եթէ լեզուի եւ գրականութեան կաճառներուն կողմէ որոշակի եւ յստակ լուծումներ չտրուին այս խնդիրին, ապա դժուար է պատկերացնել, թէ յառաջիկայ մի քանի տասնամեակներու ընթացքին հայերէնն ու հայ գրականութիւնը ի՛նչ վիճակ պիտի պարզեն:

Աւելին, ներկայիս մենք կը կարդանք մեր նախնիներուն՝ հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալին գրուած գրութիւնները, կը զմայլինք, ժամերով, երբեմն ամիսներով քննարկումներ կը կատարենք այս կամ այն գրողի մէկ գրութեան մասին, կամ այս կամ այն բանաստեղծին մէկ զգայացունց բանաստեղծութիւնը բերանէ բերան կը շրջագայի տարիներով, տասնեակ տարիներով… Այստեղ կ՚արժէ հարցնել, սակայն, որ եթէ այսպէս շարունակուի, արդեօք մեր զաւակները ի՞նչ պիտի կարդան, կամ ի՞նչ պիտի քննարկեն, կամ ի՞նչ պիտի արտասանեն մեր օրերուն գրուած գրութիւններէն կամ բանաստեղծութիւններէն:

Եթէ այսօր փորձենք կարճ պտոյտ մը ունենալ արդի հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ, թէ՛ սփիւռքի, ապա շատ հաւանաբար հիասթափութենէ բացի ոչինչ պիտի կարենանք գտնել (բացառութիւնները միշտ յարգելի են): 

Բացէ՛ք մեր օրերուն հրատարակուած գիրքերը, ի՞նչ պիտի գտնէք այնտեղ. տեղ մը պորտապարերու մասին նկարագրութիւն, ուրիշ տեղ մը սիրաբանութեան մը արկածախնդրութիւնը, ուրիշ տեղ մը դաւաճանները հերոսացնելու փորձ, ուրիշ տեղ մը դրամ շահելու կամ յաջողութեան հասնելու տասնաբանեան կամ քսանաբանեան…, եւ այսպէս շարունակ:

Անդին, այսպէս կոչուած քննադատները՝ գրաքննադատները, -անշուշտ եթէ այդպիսիք գոյութիւն ունին-, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր երգը կ՚երգէ, իւրաքանչիւրը իրը կը պնդէ, եւ այդ երգն ու պնդումը կա՛մ քաղաքավարութեան սահմանները հատելով եւ կամ ալ քաղաքավարութիւնը ոտնահարելով՝ զարկ տալով լկտիութեան եւ անբարոյականութեան: Բնականաբար, նման մթնոլորտի մը մէջ կարելի չէ ոչինչ փրկել, ընդհակառակը առկայ եղող խնդիրներն ու դժուարութիւնները ա՛լ աւելի կը բարդանան եւ մեզ դէպի անդունդ տանող ճամբան օր օրի ա՛լ աւելի կը կարճնայ: 

Բացէ՛ք այսօրուան մամուլը՝ թղթային թէ համացանցային, ի՞նչ պիտի գտնէք այնտեղ, գրեթէ ոչինչ, բառիս ամբողջական առումով՝ ո՛չինչ (դարձեալ բացառութիւնները միշտ յարգելի են): Այսօրուան մամուլը՝ իր խմբագիրներով, լրագրողներով ու գրողներով հետամուտ են մեծ լսարան հաւաքելու եւ այդ բանը կ՚ընեն ոտնակոխելով ամէն տեսակի արժէք, սկզբունք ու սրբութիւն: Կարդացէ՛ք մամուլին մէջ յայտնուած վերանգիրները եւ ապա փորձեցէք կարդալ տուեալ գրութեան բովանդակութիւնը, ո՛չ մէկ առնչութիւն ունին իրարու հետ: Վերնագիրները այսօր կ՚օգտագործուին պարզապէս ուշադրութիւն գրաւելու եւ հաւանում հաւաքելու, աւելի ճիշդ մուրալու համար: 

Բայց միթէ՞ այս է խմբագիրի մը, լրագրողի մը, գրող-գրագէտի մը, գրաքննադատի մը առաքելութիւնը կամ նպատակը: Մենք ե՞րբ այսքան սնանկացած ու բոկոտն դարձած ենք, ե՞րբ այս արժեզրկած ու անարգանքի արժեցուցած ենք մենք մեզ:

Այս գրութեանս դրդապատճառը գրութիւն մըն էր՝ «Գիծ մը գրագէտէն» վերնագիրը կրող, որու հեղինակը Համրակն է, Պոլսոյ երբեմնի պատրիարք՝ Մեսրոպ Նարոյեանը: Գրութիւնը նուիրուած է Մատթէոս Մամուրեանին՝ «Արեւելեան Մամուլի» հիմնադիրին: Գրութիւնը գրուած է 1901 թուականին:

Նարոյեան Պատրիարքը խօսելով գրագէտի մը ունենալիք նպատակին մասին եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ գրող մը, այսինքն ի՛նչը պէտք է ըլլայ գրողի մը նպատակն ու առաքելութիւնը, կը գրէ.

* Գործնական հայեցակէտէ մը մեկնելով, գրագէտն ալ պէտք է հետապնդէ լուրջ նպատակ մը, որուն շուրջը համախմբուին իր գաղափարներուն բոլոր ճառագայթները: Վասն զի խորին համոզումս է, թէ ա՛յն գրագէտը կամ հրապարակագիրը, որ բարոյապէս կ՚ազդէ հասարակութեան մը մտքին ու բարքին վրայ, որ տիրապէս կոչումի մը ներքին թափէն կը մղուի, որ ուսումնասիրած է իր ապրած միջավայրը, բաց գիրքի մը պէս կարդալով հասարակութեան հոգիին թերթերը եւ ամբողջովին լեցուած է անոր կեանքովը: Ընդհակառակը, ան որուն սիրտը օտար է իր աշխատութեան առարկային, ատոր համար իսկ պիտի զրկուի այնպիսին այն կորովամտութենէն, խուզարկումի այն կարողութենէն, որ թոյլ կու տայ իրեն թափանցել իր առարկային, մէկ կողմէ միւսը, իւրացնել անոր գաղտնիքները, ճանչնալով զայն ներքին եւ կատարեալ ծանօթութեամբ մը:

Եւ ստուգիւ, այդ կարող ու ներշնչեալ գրագէտին պակասն է պատճառը, որ մեր մտաւորականութիւնը այսօր տարտամ եւ ծածանուտ նկարագիր մը ունի: Մեր գրական արտադրութիւններուն մէջ առհասարակ եւրոպական մտքի եւ բարքերու մէկ հեռաւոր ու տկար արձագանգը սովոր ենք տեսնել, որով սա տխուր իրողութիւնը կը շեշտուի, թէ մեր խորհող եւ գրող դասակարգը դեռ կազմած չէ այնպիսի հզօր, ինքնատիպ անհատականութիւն մը կամ ամուր նկարագիր մը, որ կուրծք տայ օտար գաղափարներու հոսանքին մեր գրականութեան մէջ, որպէսզի կարենայ ուրիշ ընտրութեամբ մը, միայն այն գաղափարները եւ ճաշակները իւրացնել, պատուաստելով զանոնք մեր մտածութիւններուն եւ մեր բարքերուն հետ, որոնք իրենց լուսաւոր եւ ազնուացնող բնութեամբը իսկապէս գործօն սատար մը ըլլան ագային դաստիարակութեան զարգացմանը:

…Մեր մամուլը միշտ բաց պատուհան մը պէտք է ունենայ՝ զարգացած միջավայրերու եւ բարձր միտքերու մտաւորական շարժումէն ազդուելու համար: Սակայն գրագէտին կամ հրապարակագրին գործն է իր միջավայրին պատշաճեցնել գրական կամ գիտական բարձր տեսութիւնները, անոնցմէ առաջնորդող ուժ մը, հիւթեղ սնունդ մը պատրաստելով՝ իր հասարակութեան կամ ընթերցողներուն բարոյական ազնուացմանը համար (Մեսրոպ Արք. Նարոյեան (Համրակ), «Նշխարներ», Իսթանպուլ, 1948, էջ 15-16, 17): 

Նարոյեան Սրբազանին այս տողերը կարդալով, չենք կրնար չառանձնացնել հետեւեալ մէկ երկու մտածումները.

- Գրագէտ մը, հրապարակագիր մը, պէտք է լաւապէս ուսումնասիրած ու սերտած ըլլայ իր ժողովուրդին, աւելի ճիշդ այն հասարակութեան մտածողութիւնը, որոնց համար կը գրէ, եւ պէտք է գրէ այդ մտածողութիւնը ա՛լ աւելի ազնուացնելու համար եւ ո՛չ թէ խամրելու ու մթագնելու:

- Հակառակ պարագային, ան որուն սիրտը օտար է իր աշխատութեան առարկային, աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ գրիչ իսկ չշարժէ՝ ինչ ալ ըլլան իր գրիչ շարժելուն դրդապատճառները, որպէսզի չաղարտէ իր ընթերցողներուն ներաշխարհը:

- Ինչպէս Նարոյեան Սրբազանի ժամանակաշրջանի տիրող մթնոլորտին, դժբախտաբար, այսօր եւս մեր մտաւորականութիւնը տարտամ եւ ծածանուտ նկարագիր մը ունի, որովհետեւ կը բացակային կարող եւ ներշչեալ գրագէտները: Այսօր բոլորը լծուած են պնակալէզութիւն ընելու, որով իրենք զիրենք զրկած են գրագէտ դառնալու շնորհէն:

- Պահ մը մտէք Երեւանի մէջ գործող որեւէ մէկ գրախանութ եւ պիտի նկատէք, թէ ի՛նչ օտարաբանութեամբ ծանրաբեռնուած է մեր ներկայ հայկական իրականութիւնը: Թարգմանութիւններ եւ թարգմանութիւններ՝ անիմաստ, անարժէք եւ մեր իրականութեան, մեր մշակոյթին ու գրականութեան անյարիր եւ առնչութիւն չունեցող: Պատճառը. քանի որ ներկայիս մեր հրատարակչատուներուն նպատակը բարձրաճաշակ գրականութիւն մատուցել չէ ընթերցասէր հասարակութեան, այլ՝ օտար ոստաններու մէջ յաջողութիւն արձանագրած գիրքի մը խաբկանքով՝ իր սեփական ժողովուրդէն գումար շահիլ է գերնպատակը…:

- Ի վերջոյ, մեր խմբագիրները եւ լրագրողները առիթ պէտք չէ տան ամէն արժող եւ չարժող նիւթի, որ տեղ գտնէ մեր թերթերուն մէջ: Դժուար է այսօրուան խմբագիրներուն գործը, շա՜տ դժուար, սակայն այդ չի՛ նշանակեր, որ անոնք պիտի դաւաճանեն իրենց սկզբունքներուն եւ իտէալներուն: Պարզ ճշմարտութիւն մըն է սա, որ՝ եթէ դաւաճանես սկզբունքներուդ ու իտէալներուդ յանուն նիւթական շահերու, ապա վաղը կամ յաջորդ օրը անսկզբունք եւ անիտէալ պիտի դառնաս, մահազանգը հնչեցնելով ղեկավարածդ թերթին, պարբերականին, ամսաթերթին կամ տարեգիրքին:

Համազգային մարմինի մը ստեղծումին կարիքը այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է, որպէսզի կարենանք դէպի անդունդ թաւալող մեր կարաւանը կանգնեցնել եւ ետ բարձրացնել իր արժանի բարձունքին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 մարտ 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025