ՄԱՐԴԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔԸ
Մարդու անհատականութեան արժէքն ու արժէքի գործադրումը իրաւական, կրօնական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային ու տարբեր բովանդակութիւններով դրսեւորուած է՝ մարդկային պատմութեան ընթացքին: Տեւաբար համակարգերուն, կրօններուն ու հասարակարգերուն հիմնաքարերէն եղած է մարդու անհատական կեանքի կեցութեան, զարգացման, ընթացաւորման ու կատարելագործման խնդիրները: Տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր եղած է մարդ անհատը՝ մա՛նաւանդ իր ընկերային ու տնտեսական դիմագիծերով, իսկ նոյն մարդ անհատի բարձրագոյն մեծարանքն ու յարգանքը տարբեր շրջաններու տարբեր չափանիշներով կրնանք դասաւորել: Մեծ հարցը, որ ինքզինք կը պարտադրէ՝ մարդ անհատի առաքելութեան մասին է. միշտ մեծ փիլիսոփաներ տքնած են գտնելու մարդու անհատական առաքելութեան աղբիւրը եւ զայն ինչպէս լիակատարօրէն գործադրելու առաքելութիւնը: Արդեօք մարդը հաւաքական կերպա՞ր մըն է եւ ի՞նչ է իր գործառոյթը հաւաքական կեանքին մէջ։ Եթէ ոչ հաւաքական շահի հետապնդումի ու իրագործման առումներով, ապա հոս կը ծագի ազգային ու համաշխարհային հաւաքական շահի կազմաւորման խնդիրը: Ինքնին պետութիւններու յառաջացումն ու գոյութիւնը ինչքան ալ գործուղղուած է անհատ մարդու բարօրութիւնը ապահովելու, անոնք իբրեւ ազգային ու վերազգային կառոյցներ (կայսրութիւններ, թագաւորութիւններ) մղուած են միեւնոյն ատեն տուեալ ու ենթակայական հաւաքական շահ մը ապահովելու, որու մէջ մարդ անհատը երկրորդական կը դառնայ միշտ, չըսելու համար միջոց: Գաղափարախօսութիւնները շատ անգամ իտէալականօրէն բարեձեւած են մարդ անհատի առաջնահերթութիւնն ու մարդապաշտութիւնը, սակայն, յաճախ իրենց գործադրման մէջ զոհ դարձուցած են մարդ անհատը համակարգին ու մեծ շահերու սիրոյն:
Ո՞ր դարաշրջանին մարդը աւելիով փառաբանուած ու բարձրացուած է. կարծեմ՝ մեր դարուն մէջ է այդ մէկը: Մարդը իբրեւ անհատ իր իրաւունքներու իւրացման պայքարին մէջ երկար ու դժուար ժամանակաշրջաններէ անցած է ու առանց հիմք դարձնելու անհատ մարդու կատարելագործումը կամ անոր բարձրագոյն բարեկեցութիւնն ու ուժականութիւնը ի դէմ հաւաքական շահին կամ իրադրութեան՝ պէտք է ըսել, որ մարդ անհատը մշտապէս հարստահարուած է ու անոր իրաւունքները ոտնակոխուած: Մարդու հասկացողութիւնը չի սահմանուիր մտային ու ոգեղէն բարձր արժանիքներով։ Այդ մէկը կրնայ պատահիլ պարզ ու նոյնիսկ մարդկային գոյութենական ամենահամեստ կարողութիւններու տէր մարդուն ալ: Եւ այս կէտին է, որ նուաճում կը համարուի մարդկային քաղաքակրթական յառաջդիմութեան կիրառումը, երբ յառաջադէմ երկիրներու մէջ ներկայիս ինքնին մարդ արարած ըլլալու իրականութիւնը բաւարար է անոր ապահովելու յարգանք ու նուազագոյն բարօրութիւն:
Անշնորհակալ թուացող համադրութեամբ կրնանք նշել, որ անձի յարգանքն ու բարձրացումը ունի իր համակարգային կոչումը, քանի ներկայիս աշխարհի զարգացման հետ տակաւին կան ազգային պատկանելիութեան իրականութիւններ ու անոնցմէ բխած քաղաքացիական ալ այսպէս ըսած՝ քաղաքացիականութիւն մը: Օրինակ՝ եթէ անհատը ունի ամերիկեան քաղաքացիութիւն՝ հակառակ տարբեր երկրի քաղացի ըլլալուն, ունի տարբեր իրաւունքներ: Այս պարագային է, որ անկարելիութեան դէմ յանդիման կը գտնուի անհատական իրաւունքի ու բարձրացման համաշխարհային որդեգրուած դրոյթը: Այդ մէկը չի կատարուիր, քանի տակաւին կան բախումներ ու ազգային ատելութիւններ, իսկ համաշխարհային համայնավարական համակարգի մը ստեղծումը, որ կը վերացնէ ազգերը, իւթոփիա է տակաւին: Պէտք է խոստովանիլ, որ համաշխարհայնացումը իր բոլոր դրամատիրական ու միջազգային ընկերութիւններու տարածումով եւ մեծ տնտեսական համակարգերու անպատեհութիւններով, մարդուն արժէքը բարձրացուց ու ստեղծեց միջազգային նուազապաշտ յարգալից վերաբերմունք մը անոր հանդէպ: Եւ այդ մէկը անհատի անձնական, անդրպետական ու համակարգային որոշումներ որդեգրելու հնարաւորութիւն ընծայեց: Անոր արժէքը, արժեւորումն ու առաքելութիւնը տարբեր են տարբեր կրօններու մէջ. տակաւին չկան բոլորովին կրօնազուրկ հասարակութիւններ, իսկ ձախողեցաւ Սովետական Միութեան փորձը, որ կ՚ոտնահարէր անհատն ու անոր իրաւունքները։
Չենք կրնար անտեսել Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ ընդունուած ՄԱԿ-ի հռչակագիրը՝ մարդ անհատի ու մարդու իրաւունքներու հիմնարար սկզբունքներու մասին։ Սոյն հռչակագիրը ստորագրած են երկիրներու մեծամասնութիւնը, ինչ որ մեծ նուաճում կը համարուի:
Հետաքրքրական է ներկայ աշխարհին մէջ տեսնել Իսրայէլի կատարած մեծ յարձակումը Կազզէի վրայ, գոնէ մակերեսային նպատակ ունենալով՝ քսան իսրայէլացի պատանդ ազատագրելը, որը մեծ հարցումներու դուռ կը բանայ։ Օրինակ՝ իսրայէլացիներուն մարդ անհատի (որուն մարմնաւորման իրաւական ու օրէնսդրական դրսեւորումը տուեալ երկրի մը քաղաքացի ըլլալն է) արժէքը աւելի բա՞րձր աստիճանի է, որ նոյնիսկ կը տանի բռնարարքներ ու ոճիրներ գործելու՝ վասն այդ անհատին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան