ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի զգուշաւոր լռութիւնը կարելի է «պայթումէն հինգ րոպէ առաջ» խորագրել։ Հասարակութեան մօտ առկայ է որոշակի վախ մը, որովհետեւ անցեալ տարուան պատերազմն ու ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը՝ չեն բերած կայունացման, հետեւաբար, նաեւ ամբողջական խաղաղութիւն մը կերտուած տեսնելու հեռանկարը։ Նոր պատերազմի հոտը կը շրջի Պէյրութի փողոցներուն մէջ, մինչ միջազգային մամուլն ու տեղական դիւանագիտական աղբիւրները կը խօսին հաւանական զարգացումի մը մասին, որ կրնայ կրկին ցնցել երկրի հարաւային սահմանը։ Իսրայէլի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Թել Աւիւ կը պատրաստուի «Հիզպուլլահ»ին ուղղուած լայնածաւալ հարուածի մը, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական շրջանակները կը քննարկեն զսպող համաձայնութեան հնարաւորութիւն մը՝ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ։ Այն ատեն, երբ արտաքին ճակատը լռած կը թուի, ներքին Լիբանանի հողին տակ կը շարժին անտեսանելի ցնցումներ։

Սուրիոյ վարչակարգի անկումէն ետք՝ 8 դեկտեմբեր 2024-ին, Իրանի համար նոր էջ մը բացուեցաւ։ Տասնամեակներով կառուցուած ռազմավարական առանցքը՝ Թեհրան-Դամասկոս-Պէյրութ գիծը փլած էր՝ ստիպելով Իրանին վերատեսութեան ենթարկել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր յառաջ տարած ամբողջ խաղը։ Արդիւնքը եղաւ փոխարինող միջանցքներու որոնում՝ բացումով ծովային եւ օդային ուղիներու, որոնք պիտի փոխարինէին Սուրիոյ կորուսեալ ցամաքային ուղին։ Իրանի յատուկ ծառայութիւնները՝ յատկապէս «Յեղափոխութեան պահապաններու գունդ»ի արտաքին գործողութիւններու բաժինը, սկսան օգտագործել Կարմիր ծովէն անցնող նաւային երթուղիներ, մինչեւ Եգիպտոսի Սուէզի ջրանցք եւ այնտեղէն դէպի Միջերկրական՝ հասնելով Լիբանանի եւ Կազզէի ափերը։ Իրան նաեւ ամրապնդեց իր ներկայութիւնը Սուտանի եւ Լիպիոյ նաւահանգիստներուն մէջ՝ ապահովելու համար զէնքի եւ դրամի փոխադրութիւնը դէպի իր դաշնակիցները։

Միաժամանակ, «Հիզպուլլահ»ն ալ սկսաւ նոր կառուցուածքով վերակազմուիլ՝ փորձելով վերականգնել այն ցանցը, որ քանդուած էր Սուրիոյ անկումէն ետք։ Լիբանանի հարաւի եւ Պեքաայի հովիտին մէջ խմբաւորումներ ստեղծուեցան՝ կապուած Թեհրանի մէջ գործող տարբեր միաւորներու հետ, որոնք պատասխանատու են սպառազինութեան, դրամական հոսքերու եւ ռազմագիտական աջակցութեան համար։ Այս միաւորներու ղեկավարները փոխուեցան՝ նպատակ ունենալով արագացնել տեղական որոշումներու ընդունումը եւ անկախացնել շարժումը Սուրիոյ միջնորդական օղակներէն։

Իրան, որ երկար տարիներ իր ազդեցութիւնը հիմնած էր Սուրիոյ տարածքին, այժմ ստիպուած է խաղալ առանց այդ սահմանային գօտիին։ Ասոր փոխարէն, Իրան կը փորձէ վերականգնել հին կապերը՝ Իրաքի շիի ուժերուն միջոցով, միաժամանակ վերակազմելով նոր միաւորումներ համադրելու համար Իրաքի եւ Լիբանանի ճակատները։ Այս ճիգը ունի ընդհանուր նպատակ մը՝ պահպանել այն, ինչ որ Իրան կը կոչէ «Հիմնական դիմադրութեան գիծ»։

Լիբանանի մէջ, սակայն, այս վերակազմական շարժումը կը հանդիպի ծանր տնտեսական եւ քաղաքական ճնշումներու։ Տարիներէ ի վեր Լիբանան կը գտնուի անկայունութեան մէջ, իսկ կառավարութիւնը անզօր է՝ հակազդելու արտաքին ուժերու՝ մանաւանդ «Հիզպուլլահ»ի գերիշխանութեան։ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական աղբիւրները կը նշեն, թէ ան կը պատրաստէ նոր ծրագիր մը Լիբանանի բանակին համար՝ զսպելու շարժման զինուորական գերակայութիւնը։ Իսկ Ֆրանսա, որ երկար ատեն հաղորդակցութեան միջնորդ եղած է, ներկայիս կը խուսափի հրապարակային դիրքորոշումներէ՝ գիտնալով, որ որեւէ սուր յայտարարութիւն կրնայ հրահրել ներքին բախումներ։

Միւս կողմէ, Իսրայէլ կը շարունակէ իր ռազմավարական ճատրակի խաղը։ Վերջին շաբաթներուն ան կտրուկ կերպով աւելցուց իր օդային եւ ծովային դիտարկումները՝ Լիբանանի հարաւային սահմանին վրայ։ Մինչ այդ, մամուլին մէջ կը տարածուին լուրեր՝ նախայարձակ հարուածի մը պատրաստութեան կապակցութեամբ։ Կը խօսուի նաեւ, որ Իսրայէլի կարգ մը պաշտօնեաներ գաղտնի կերպով կը փորձեն համաձայնութեան հասնիլ ԱՄՆ-ի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջնորդութեամբ՝ խուսափելու լայնածաւալ պատերազմի վտանգէն։

Այս բոլորին զուգահեռ եւ ինչպէս վերոնշուեցաւ, Պէյրութի մէջ կը տիրէ վտանգաւոր լռութիւն։ Քաղաքը, որ միշտ ալ ապրած է սահմանի եզրին, այսօր կրկին կանգնած է անտեսանելի ճակատամարտի մը շեմին։ Լուրեր կը շրջին նոր քաղաքական դաշինքներու շուրջ, սակայն, յստակ ոչինչ կայ։ Քաղաքացիները՝ յոգնած աղքատացումէն եւ տասնամեայ անորոշութենէն, երկրի ընդհանուր վիճակը մութ երանգներով կը դիտարկեն։ Մէկ կողմէ՝ Իրանի նոր խաղը կը փորձէ վերաձեւաւորել ամբողջ տարածաշրջանը, միւս կողմէն՝ Իսրայէլ կը պատրաստուի հարուածի մը, որ կրնայ փոխել առկայ հաւասարակշռութիւնները։ Իսկ Լիբանանը՝ այդ երկու հսկաներուն միջեւ, դարձած է լուռ դաշտ մը, ուր ամէն շարժում կրնայ նշանակել նոր սկիզբ մը կա՛մ նոր վերջաւորութիւն մը։ 

Խորքին մէջ, այս բոլորը պէտք է ընկալել ու հասկնալ՝ իբրեւ տարածաշրջանային մեծ խաղատախտակ մը, ուր անցեալի սեւերը վերածուած են սպիտակներու, իսկ փուլ մը առաջ իբրեւ սպիտակ ներկայացող միջազգային խաղացողները սկսած են վերածուիլ լուռ վկաներու։

Ի վերջոյ, այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ Կազզէի մէջ, ցոյց տուաւ, որ ԱՄՆ հակառակ իր մեծ ներուժին, անզօր դարձած է իրական խաղաղութիւն մը կերտելու բոլորին համար, այն պարագային, երբ ներկայացուած կամ հրամցուած խաղաղութիւնը հիմնուած է անարդար դատումներու կա՛մ իրականութիւն դառնալու ուժ չունեցող կա՛մ ներկայութիւն չեղող դատաստաններու։

Կազզէի իրադարձութիւնները, անշուշտ, մեծ դաս մըն են Լիբանանի համար, որուն իշխանութիւնները ունին լուրջ խնդիր՝ լուծելու համար «Հիզպուլլահ»ի ապօրինի զէնքի խնդիրը, որ կը շարունակէ Դեմոկլեան թուրի ծանր ազդեցութիւն ունենալ ամբողջ Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար։

Այս կէտին, անշուշտ, հարկ է հաշուի առնել այն փաստը, որ Լիբանանի իրավիճակին առընթեր մօտիկ անցեալին նախաձեռնութիւններ իրականացնող կողմերէն բազմաթիւներ գրեթէ քաշուած են մեծ խաղէն ու սկսած են գոհանալ սոսկ հաղորդագրութիւններ հրապարակելով։ Այդ ազդեցիկ երկիրներէն մին կը համարուի Ֆրանսան, որու արտաքին քաղաքականութիւնը սկսած է դառնալ խոցելի եւ նոյնիսկ անհասկնալի։ Զանազան առիթներով Ֆրանսայի յատուկ բանագնացներու հիմնական կայարան դարձած մայրաքաղաք Պէյրութը՝ այսօր կարօտցած է ֆրանսացի իր հարազատ բարեկամները։ Իսկ Էլիզէի պալատը, որ ատեն մը հանդէս կու գար տարբեր նախաձեռնութիւններով, այսօր սկսած է հասկնալ ու հաշտ աչքով դիտարկել, թէ մօտիկ անցեալի իր դերակատարութիւնը այլեւս չունի բաւարար ներուժ։ 

Լիբանանի պարագային խնդիրը միայն անոր սահմանային հարցերը չեն, Իսրայէլի կամ Սուրիոյ հետ սահմանազտումի հարցը չէ, Պաղեստինի ապօրինի զէնքի հարցը չէ, ոչ ալ «Հիզպուլլահ»ի ծանր զէնքերու հարցը կա՛մ տնտեսական ճգնաժամի մեծ ստուերը։ Այս բոլորը կան, ապա անոնց կողքին կայ ու տիրական է քաղաքական անորոշութեան մը խնդիրը, որովհետեւ լիբանանցիք, ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր եւս չեն դադրած հատուածական մօտեցումներէ ու այդ է հիմնականին մէջ, որ պատճառ կը դառնայ ներքին լարուածութիւններու, անցեալի պատերազմներու վերադառնալու ահին ու սոսկումին, նաեւ ապագային նայելու տեսլականի պակասին։

Այս խճճուած ու աղօտ մթնոլորտին մէջ՝ քաղաքական փորձագէտներ կը նշեն, թէ Իրանի ներկայ ռազմավարութիւնը հիմնուած է սպասումի եւ վերահսկման վրայ՝ ժամանակ շահելու եւ ճակատները վերադասաւորելու համար։ Իրան կը խուսափի ուղիղ բախումէ, բայց կը պահէ իր ցանցը ողջ տարածաշրջանին մէջ՝ Իրաքէն մինչեւ Լիբանան։ Իսկ Լիբանանը կը մնայ այն նուրբ թելին վրայ, ուր ամէն շարժում կրնայ պայթեցնել այն լռութիւնը, որ այսօր միայն մէկ բան կը յուշէ, թէ իրավիճակը իսկապէս «պայթումէն հինգ րոպէ առաջ» ընդհանուր վիճակ մըն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 8, 2025