ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՒՑԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան դիմատետրի միջոցաւ փոխանցեց այս տեղեկութիւնը։ Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած վարչապետի եւ պատրիարքի խօսակցութեան բովանդակութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018