Հաստատումներ (4)

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսը շարք մը անժամանցելի հաստատումներու դուռ բացաւ։ Այստեղ, անշուշտ, հիմնական պատճառն է՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին շատ սթաթիք ըլլալը։ Համայնքը տասնամեակներէ ի վեր հետամուտ է նոյն խնդիրներու լուծման, սակայն, չի յաջողիր յառաջընթաց արձանագրել։ Այստեղ կան թէ՛ ուղղակի իրմէ կախեալ եւ թէ իրմէ բոլորովին անկախ պատճառներ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը այս երկու առանցքները մատուցեց շատ յաջող ձեւով։ Արդարեւ, ան տեղին արտայայտութիւններով հասկնալի դարձուց, որ համայնքի կամքէն անկախ խնդիրները լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանան, որպէսզի կարողանայ իրմէ կախեալն ալ ընել։ Նորին Ամենապատուութիւնը բաց խօսեցաւ, թէեւ ոչինչ թաքցուց, սակայն, իր միտքերը բանաձեւեց առանց զգայնութիւններ բորբոքելու կամ մեղադրանքի տպաւորութիւն ստեղծելու։ Օրինակ, ան ընդգծեց, որ պետութիւնը տասնամեակներէ ի վեր փոքրամասնութիւնները ա՛լ աւելի նուազեցնելու հետամուտ է եւ այդ ուղղութեամբ արդիւնքները արդէն տեսանելի են։ Ան այս դիտարկումը լրագրողներու նկատառման յանձնեց՝ առանց օգտագործելու «ձուլման քաղաքականութեան» նման լոզունգային բառապաշար մը, ինչ որ տարբեր իմաստ եւ արժէք վերագրեց իր խօսքերուն։ Սա Նորին Ամենապատուութեան արտայայտութիւններու կշիռը պայմանաւորած հանգամանքի մը վերածուեցաւ, սակայն, մեր կարծիքով, հարիւր տոկոսով համատեղելի չէ՝ ուղղակիօրէն համայնքի կամքէն կախեալ խնդիրներու լուծման պարագային Պատրիարքական Աթոռի որդեգրած low profile ընթացքին հետ։

Այս բոլորի խաչմերուկին հաշուի պէտք է առնել երկու հիմնական ազդակ. թրքահայութիւնը ժողովրդագրական առումով կը հիւծուի թափով, իսկ յարատեւութեան համար բազմապատկիչ գործօններ ստեղծելու ճանապարհին անյաղթահարելի արգելք է առկայ կազմակերպչական անելը։ Պատրիարքական Աթոռը միայն բարոյական իշխանութեամբ չի կրնար խաղալ իր յաւակնած դերը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը այս համայնապատկերը մանրամասնօրէն բիւրեղացուց յաչս լրագրողներուն։ Համայնքային բոլոր հաստատութիւններու իրարմէ տարանջատուած, ինքնագլուխ վարչական միաւորներու վերածուած ըլլալու պարագան ան մատուցեց հետաքրքրական պատկերաւոր նմանութիւնով մը։ Իր բանաձեւումով՝ մեր համայնքի տարրերը (անհատ կամ կառոյց) կը նմանին համրիչի հատիկներու, իսկ Պատրիարքական Աթոռը այն ներքին թելը կամ կապն է, որ կ՚ապահովէ համրիչի հատիկներու միութիւնը, եթէ այդ ներքին կապը չըլլար, ապա հատիկները պիտի ցրուէին։

Բոլոր հաւաքականութիւններու համար այդ ներքին կապը ճակատագրական է։ Գալով պոլսահայ կեանքին, ապա Պատրիարքական Աթոռը պէտք է ձգտի իր այդ դերին մէջ ամրապնդուելու։ Ուստի, այս ճանապարհին պէտք է առաջնորդուիլ քանի մը էական առաջնահերթութեամբ։ Այսպէս, վարչատնտեսական հարցերու մէջ պէտք է ունենալ համապատասխան տրամաբանութիւն՝ լաւ հիմնաւորուած, չափուած-կշռուած։ Այլապէս, այդ տրամաբանութեան կաղացումները արդարացնելու համար յառաջ կը քշուին կրօնական հանգամանքներով պայմանաւորուած գործօններ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ խառնաշփոթի, հակասութեան ու Աթոռի տկարացման։ Հարկ է ընդգծել, որ վարչական տրամաբանութիւն ըսուածը արդէն բնականօրէն կը ներառէ՝ հանրութեան խղճին մօտ արդարանալի ըլլալու չափումը։

Միւս էական պարագան աւելի մեծ վարպետութիւն եւ վարչական հմտութիւն կ՚ենթադրէ։ Իրաւասութիւններու առկայ անելին մէջ Պատրիարքական Աթոռը ինչպէ՞ս համախմբում կրնայ ապահովել իր շուրջ։ Տեսականօրէն, Աթոռին ձգողականութիւնը կրնայ աւելնալ, եթէ անոր շուրջ սեփական կամքով համախմբուած հաստատութիւնները կամ անհատները վարչականօրէն աւելի շահաւէտ դուրս գան, առաւելութիւններու հասնին՝ քան անոնք, որոնք այդ ճանապարհով չեն ընթանար։ Սա շատ լուրջ գործ մըն է, զոր գլուխ հանելու համար պէտք է ունենալ բացառիկ որակեալ մարդուժ ու պէտք է հեռու մնալ կրկնակի չափանիշներու օգտագործումէ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի խորհրդածութիւններու հանրագումարին լոյսի տակ կու գան ո՛չ միայն Պատրիարքարանէն ակնկալուածները, այլեւ բոլորի գիտակցութեան թարմացումը հաւաքական պատասխանատուութիւններու տեսակէտէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- Վերջ այս շարքի -

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025