ՄԱՀ՝ ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շատ անժամանակ ձեւով մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի համակրելի ու նուիրեալ դէմքերէն Աւետիս Արզուման։ Ան Սամաթիոյ ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն մին էր։ Աւետիս Արզուման ասպարէզով արհեստաւոր մըն էր, սակայն իր կեանքի անբաժան մասը դարձուցած էր ընկերամշակութային գործունէութիւնը։ Մեր համայնքի պատմութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէր եւ միջոց մը աշխատակցած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Նոր սերունդը ուշադրութեան առանցքին կը պահէր։ Երիտասարդներուն համար կը կազմակերպէր երաժշտութեան դասընթացքներ, նաեւ քաղաքիս պատմական թաղերուն մէջ զանոնք կ՚առաջնորդէր շրջայցերու, որոնց ընթացքին ուշադրութիւն կը հրաւիրէր հայկական հետքերու վրայ։

Աւետիս Արզուման միեւնոյն ժամանակ ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Զաւակներ հասցուցած էր նոյն շունչով, նոյն ոգիով՝ անոնց ալ առթելով մեր համայնքին սպասարկելու գիտակցութիւնը։

Քանի մը տարի առաջ Աւետիս Արզուման յաղթահարած էր քաղցկեղը, սակայն բոլորովին վերջերս անողոք հիւանդութիւնը դարձեալ գերեվարեց զինքը։ Աւետիս Արզուման այս անգամ նախորդին նման չկարողացաւ դիմադրել եւ իր դարմանման համար նախատեսուած գործընթացին մէջ յառաջացան լուրջ բարդութիւններ։ Դժբախտաբար իրեն համար ի գործ դրուած մասնագիտական ջանքերը եւ ընտանիքին խնամքը մնացին ապարդիւն եւ ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր հարազատներն ու բարեկամական շրջանակը։

Աւետիս Արզումանի բարի յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր համայնքին մէջ եւ ան կը վերյիշուի համակրանքով ու երանութեամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019