ԴԱՐՁԵԱԼ ՏԱԳՆԱՊ

Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները անցեալ շաբաթավերջին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին ուղարկեցին համատեղ ստորագրութիւնով նամակ մը։ Երուսաղէմի եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ Իսրայէլի պետութեան կողմէ նախատեսուած կարգադրութիւնները վերջին շրջանին յաճախ տեղի կու տան քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու անհանգստութեան ու բողոքին։ Մօտաւոր անցեալին խնդիրները այնպիսի մակարդակի մը հասած էին, որ քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու համատեղ տնօրինութեամբ Ս. Յարութեան տաճարի դռները փակուած էին։ Այդ բողոքի արարքէն վերջ Իսրայէլի պետական մարմիններուն եւ քրիստոնէից հոգեւոր կեդրոններուն միջեւ հաստատուած էր երկխօսութիւն մը։ Նոյնիսկ ստեղծուած էր յանձնախումբ մը՝ կալուածային խնդիրներու դրական եւ փոխադարձ հասկացութեան մթնոլորտի մը մէջ լուծման համար։ Սակայն վերջին օրերուն այդ լաւատեսութեան մթնոլորտը դարձեալ շուքի տակ մնաց։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան վերջերս տեղեկացուց. «Նամակին մէջ հոգեւոր պետերը իրենց զարմանքը կը յայտնեն առ այն, որ քրիստոնեայ համայնքներուն պատկանող կալուածներու վերաբերեալ Քնեսեթի անդամ Ռաքել Ազարիայի հեղինակած օրինագիծը ներառնուած է Նախարարաց խորհուրդի քննարկման օրակարգին եւ կոչ կ՚ուղղուի Նեթանիյահուին՝ որպէսզի անմիջապէս միջամտէ եւ մէկընդմիշտ կասեցնէ այդ օրինագծի քննարկումը։ Հոգեւոր պետերը այդ օրինագիծը որակած են ամօթալի։ Անոնք Պենիամին Նեթանիյահուին յիշեցուցած են, որ անցեալ յուլիսին հոգեւոր պետերուն ուղղեալ իր նամակին մէջ ան վստահեցուցած էր, թէ խնդրայարոյց օրինագիծը ետ պիտի առնէ»։

Հարկ է նշել, որ թէեւ օրինագիծը ենթարկուած է որոշ փոփոխութեան, սակայն այդ մէկը տակաւին այդուհանդերձ պետութեան հնարաւորութիւն կու տայ՝ բռնագրաւել եկեղեցապատկան կալուածները։

Միջազգային այլ աղբիւրներ ալ կ՚անդրադառնան այս խնդրին։ Կարգ մը լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդները նոյնիսկ մտադիր են Ս. Յարութեան տաճարի դռները վերստին փակելու։

Իսրայէլի Արդարադատութեան նախարար Այելէթ Շաքէտ վերջերս պատրաստած է օրէնքի նախագիծ մը, որ կը նախատեսէ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Երուսաղէմի կալուածներէ մէկուն բռնագրաւումը։ Ըստ նախարարին, այդ օրէնքի նախագիծը պատրաստուած է, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ տարածքին վրայ կառուցուած են բնակարաններ, ուր կ՚ապրին իսրայէլցիներ։ Իրենց նպատակն է պահպանել այդ բնակարանները։ Նախարարը միեւնոյն ժամանակ պնդած է, որ խնդրոյ առարկայ տարածքը Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ վաճառուած է հրեայ շինարարներու։

Իսրայէլի մամուլէն զանազան թերթեր ալ արձագանգ կը հանդիսանան այս իրադարձութիւններուն։ Կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ այս օրէնքի նախագիծը հետամուտ է խնդրոյ առարկայ կալուածի ապասեփականացման։ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը յայտնէ, որ Հրէից ազգային ֆոնտի միջոցաւ այդ տարածքը 1950-ական թուականներուն Ուղղափառ եկեղեցիէն վարձուած է 99 տարուան ժամկէտով։ Ըստ այլ պնդումներու, հրեայ շինարարները 2010 թուականին Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանէն գնած են այդ տարածքը։

Ս. Յարութեան տաճարը անցեալ փետրուարին փակուած էր՝ երբ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը որոշած էր կալուածատուրք գանձել եկեղեցապատկան կալուածներէն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018