ԵՐԵՔ ՈՍՏԻԿԱՆ ՏԵՐԻՔԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­րարք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, Մար­տի­նի Տե­րիք գա­ւա­ռա­կին մէջ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րու կող­մէ ճա­նա­պար­հին վրայ լա­րուած ծու­ղա­կին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ե­րեք ոս­տի­կա­ն։ Զ­րա­հա­պատ ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շար­ժի ան­ցած ճա­նա­պար­հին վրայ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը պայ­թե­ցու­ցին ռումբ մը։ Դէպ­քին զոհ գա­ցին՝ Ահ­մէտ Տե­միր, Ռա­մա­զան Ա­քեիւ­րէք եւ Մե­թին Մալ­քաւ։

Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ ժա­մը շուրջ 13.20-ին, Տենք­թաշ եւ Հա­յըր­լը գիւ­ղե­րը միաց­նող ճա­նա­պար­հին վրայ։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ռում­բը պայ­թե­ցու­ցին 70 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րութե­նէ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016