Ուրբաթ 2, Յունուար 2026
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՄԱՆՈՐԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը 2026 թուականը դիմաւորեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ։ Կրթական մշակները, ծնողներ, համակիրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր համախմբուեցան Ամանորի հանդէսին առթիւ, որու յայտագրին տեւողութեան տղաքը ունեցան ելոյթներ։ Ծրագրի ամբողջին մէջ մեծ հետաքրքրութեան արժանացան աճպարարութիւնները, որոնք բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին։
Բաց աստի, դպրոցի պարտէզին մէջ, Նոր տարուայ առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ բացօթեայ տօնակատարութիւն մը։
Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026