ՊԵԹԻՒԼ ՊԱՔԸՐՃԸ ԱՆՑԱՒ ԱՐԱՍ-Ի ԳԼՈՒԽԸ

Գոհունակութեամբ վերահաու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը արդէն ունի նոր հրատարակութեան տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Պեթիւլ Պաքըրճըի, որու այս առաքելութեան կոչուիլը շատ ողջունելի եղած է այս հաստատութեան շրջանակներուն, համակիրներուն եւ արտադրանքի ընթերցողներու տեսակէտէ։ Պեթիւլ Պաքըրճը մինչ այդ արդէն «Արաս»ի ընտանիքէն ներս կ՚աշխատէր որպէս խմբագիր, հրատարակչատան յարատեւութեան եւ վերելքին համար վաստակ ներդրած էր, իսկ ներկայիս՝ ի լրումն այդ բոլորին հրատարակութեան տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է։ Ան նոր յոյսերու եւ սպասումններու մթնոլորտին մէջ պաշտօնի կը ձեռնարկէ՝ քանի «Արաս»ի վերջին շրջանի ղեկավարութիւնը հեռու մնացած էր ակնկալութիւնները արդարացնելէ եւ բարձր նշաձող մը սահմանելէ։ Ուստի, ուրախառիթ է, որ պատշաճը փութով տնօրինուած է եւ «Արաս» այս փուլին տեղեկացուցած է, որ ունի նոր հրատարակչութեան տնօրէնուհի մը, որ ամենայն եռանդով եւ համատարած խրախուսանքով առաքելութեան կը ձեռնարկէ։
«Արաս» հրատարակչատունը արդէն 32 տարուան ոդիսական մը ունի։ Թուրքիոյ հարուստ աւանդութիւններով եւ նախընթացներով հրատարակչատուներու շարքին կը դասուի։ Թարգմանական հրատարակութիւններով ան արձագանգ կ՚ապահովէ հայկական գրականութեան՝ այսպէսով պայմանաւորելով հաւաքական յիշողութեան գործօն մը։
Հրատարակչութեան տնօրէնիի փոփոխութեան ներկայ փուլին «Արաս» տեղեկացուցած է, որ լեզուներու, մշակոյթներու եւ մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցելու հետամուտ յիշողութեան տարածք մը կը հանդիսանայ եւ ինքզինք չի՛ տեսներ հաստատութիւն մը, որ միայն գիրք կը հրատարակէ։ Հրատարակչատունը տեղեկացուցած է, որ պիտի շարունակէ հայերէնն ու բազմալեզու գրականութիւնը կենսունակ պահելու ուղղեալ աշխատանքը, պիտի շարունակէ պաշտպանել բազմազանութիւնը եւ համապատասխան անփոփոխ հաւատքով պիտի շարունակէ գործունէութիւնը։