ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՐԷԻՑ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց հրէից նորընտիր րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւին։ Այս վերջինը փոխադարձ այցելութեան փութացած էր Գումգաբու՝ հաշուի առնելով, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ շաբաթ ներկայ գտնուած էր իր պաշտօնամուտի հանդիսաւոր արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Քուլէտիպիի Նեւէ Շալոմ սինակոկին մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Րաբունապետը զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ փափաքած էր անձամբ այցելել Գումգաբու եւ շնորահակալութիւն յայտնել Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ իր պաշտօնամուտի արարողութեան բերուած մասնակցութեան համար։ Ռաւ Տաւիտ Սեւիին ընկերացաւ խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար՝ հերթական բարեմաղթանքները փոխանցելով րաբունապետին։

Երկու հոգեւոր առաջնորդները շօշափեցին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու օրակարգային հարցերը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2025