Չորեքշաբթի 11, Փետրուար 2026
ԵՐԱԽՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքէ ներս աշխատանոց մը ձօնուեցաւ վաղամեռիկ կրթական մշակ Տիգրիս Թաշքըրանի յիշատակին։ Մօտաւոր անցեալին Տիգրիս Թաշքըրանի անակնկալ կորուստը իսկապէս ցնցում պատճառած էր պոլսահայ կրթական համակարգին։ Մասնաւորապէս իր պաշտօնավարած վարժարաններու պարագային ցնցումը եղած էր մեծ։ Ի շարունակութիւն, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ դասարաններէն մին վերանուանուած է Տիգրիս Թաշքըրանի անունով։
Այդ աշխատանոցի մուտքին զետեղուած է ցուցատախտակ մը, ուր կայ հայերէնով համապատասխան արտայայտութիւն մը։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026