Երեքշաբթի 11, Նոյեմբեր 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՐՈԼ ՍԱՐԱՖԵԱՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ ընդունեց յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանը։ Այցելութեան ընթացքին Էրոլ Սարաֆեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւն յայտնեց՝ լուսահոգի տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի մահուան առթիւ։
Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Էրոլ Սարաֆեանի կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։ Ան հետաքրքրուեցաւ Էրոլ Սարաֆեանի ներկայ գործունէութեամբ՝ ընդգծելով, որ ինք միշտ բարձր կը գնահատէ անոր կողմէ պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքին բերուած անփոխարինելի նպաստը։ Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւններն ու յարատեւութեան մաղթանքը փոխանցեց յայտնի արուեստագէտ Էրոլ Սարաֆեանին։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025