ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Երուանդ Սվաճըօղլուն եւ Արթօ Մխճեանը։ Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին նախատեսուած է Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ թաղային խորհուրդը կը ջանայ լուսաբանել հանրային կարծիքը։ Այս ամբողջին մէջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ թաղականները այցելեցին խմբագրատունս, ուր տեղեկութիւններ տուին Պաքըրգիւղի ընտանիքի այժմու երթին շուրջ։ Տատեան վարժարանի առկայ կարիքներու անդրադառնալու առընթեր, անոնք ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձան նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան այժմու առաջնահերթութիւններուն։ Սիրոյ սեղանի ընդառաջ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը համայնքային շրջանակներուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Տատեան վարժարանը հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դառնայ։
Տատեան վարժարանը ներկայիս մեր համայնքի ամենաբարձր աշակերտութեան թիւով կրթօճախներէն մին է, որ երկար ժամանակէ ի վեր ունի կայուն երթ մը եւ Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ ջանքեր կը գործադրէ՝ այդ երեւոյթին յարատեւութիւնը երաշխաւորելու համար։