ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ՝ պոլսահայ լիսէներու 2024-2025 ուսումնական շրջանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համայնքային լիսէներու այս տարուան շրջանաւարտներուն յաջողութիւն մաղթեց՝ յունիսի 22-ին նախատեսուած համալսարանի մտից քննութիւններուն ընդառաջ։

Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ եւ հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան արարողութիւն, որու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց համայնքային լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնց յորդորներ տուաւ ապագայի վերաբերեալ եւ յաջողութիւն, Ս. Հոգւոյ առաջնորդութիւն մաղթեց համալսարանի մտից քննութիւններուն։ Ան բոլորին դիտել տուաւ, որ ուսումնառութիւնը կեանքի տեսակէտէ որքան կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորին յորդորեց միշտ կապուած մնալ ինքնութեան արժէքներուն եւ հարազատ համայնքին։ Աշակերտներուն կ՚ուղեկցէին կրթական մշակներ, դպրոցներու տնօրէններ եւ վարչայիններ։

Եզրափակիչ փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը ջերմօրէն շրջապատեցին երիտասարդները, որոնց փոխանցեցին իրենց օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքը։

Ուրբաթ, Յունիս 13, 2025