ԲԱՐՁՐ ԱՐԱՐՈՂԱԿԱՐԳ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը պիտի անցնի բարձր արարողակարգով։ Այցելութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ երկուշաբթի ու պիտի շարունակուի շուրջ երկու շաբաթ։ Թէ՛ միջեկեղեցական եւ թէ դիւանագիտական կարեւոր երեսակներ կ՚ընդգրկէ ծրագիրը՝ մանաւանդ, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի այցելէ նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կեդրոնատեղին։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերը պատրաստ են Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալելու՝ մինչ կարգադիր յանձնախումբերը ժամանման ընդառաջ բծախնդրօրէն կը վերահսկեն բոլոր մանրամասնութիւնները։ Երկու թեմերէն ներս ալ այժմէն ստեղծուած է արտասովոր խանդավառութիւն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ եկեղեցական-պաշտօնական առիթով մը կը ճամբորդէ դէպի Նոր աշխարհ։ Շրջագայութիւնը կը յատկանշուի նաեւ այլ կարեւոր հանգամանքով մը՝ քանի կը համընկնի իր գահակալութեան հնգամեակի յոբելենական շրջանին։
Թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան ափերուն նախապատրաստական աշխատանքները թեւակոխած են եզրափակիչ փուլ։ Այս կարեւոր ուղեւորութեան օրերուն՝ որպէս գաւազանակիր Նորին Ամենապատուութեան պիտի ընկերանայ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան թեմերէն ներս Նորին Ամենապատուութեան կեցութիւնը նախատեսուած է հաւասարապէս շաբաթ մը։ Առաջին փուլին ան պիտի մեկնի Լոս Անճելըս, այսինքն ուղեւորութեան ծրագիրը պիտի սկսի Արեւմտեան թեմէն, ուրկէ պիտի անցնի Նիւ Եորք՝ Արեւելեան թեմէն ներս ծրագրի երկրորդ փուլը կեանքի կոչելու համար։
Ամերիկահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այժմէն վառ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ այս ուղեւորութիւնը։ Նախկին պոլսահայ շրջանակները, հասկնալիօրէն, ոգեւորուած են։ Բնականաբար, եկեղեցական շրջանակներն ալ կը գնահատեն նուիրապետական աթոռի գահակալ մը ընդունելու հանգամանքը։ Ի լրումն այս բոլորին, այցելութեան մթնոլորտը կը պայմանաւորէ ուրիշ անանտեսելի գործօն մը։ Արդարեւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ մանաւանդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հեռարձակուած քարոզները ջերմ ընդունելութիւն գտած են նաեւ ամերիկահայ հաւատացեալներուն մօտ, որոնք այժմ կը փափաքին վկայել իր կենդանի խօսքին։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԾՐԱԳԻՐԸ
Լոս Անճելըսի մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի ըլլայ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հիւրը։ Շրջանի նախկին պոլսահայերը մասնակցած են հիւրընկալման ծրագրի մշակման։ Նորին Ամենապատուութիւնը Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ՝ կիրակի, յունիսի 22-ին։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ, որու կորիզը կը կազմեն նախկին պոլսահայեր։ Սա արդէն առաջնորդանիստ մայր տաճարի երգչախումբն է, որ դրոշմուած է երջանկայիշատակ պատրիարք Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի անունով։ Լոս Անճելըսի շրջանին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կ՚առաջնորդուի զանազան հայկական կամ այլ հաստատութիւններ եւ կը մասնակցի նաեւ գեղարուեստական ձեռնարկներու։ Ան կը շփուի նաեւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։
Արեւմտեան թեմէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Newport Beach-ի եկեղեցւոյ ծուխին վստահած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կեցութեան օրերու հիւրընկալութեան պատասխանատուութիւնը։ Լոս Անճելըս ժամանելէ վերջ, 18 յունիս 2025, չորեքշաբթի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մը պիտի տայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիւպատոսարանը։ Նոյն օրը ան պիտի այցելէ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը, ուր իրեն ի պատիւ սիրոյ սեղան մը պիտի սարքուի։ Միութեան երդիքին տակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, նախկին պոլսահայ շրջանակներու մասնակցութեամբ նախատեսուած է ասուլիսի ձեւաչափով հանդիպում մը։ Կը նախատեսուի, որ զրոյցի ընթացքին արծարծուին արտասահմանի նախկին պոլսահայերու եւ Պատրիարքական Աթոռի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ իրականութեան ընդհանուր խնդիրներուն վերաբերեալ նիւթեր։ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան ձեռնարկին ժամանակ պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։
21 յունիս 2025, շաբաթ երեկոյեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Newport Beach-ի եկեղեցական ծուխին կողմէ պիտի մեծարուի ընթրիքի սեղանով մը։
Օր մը վերջ՝ 22 յունիս 2025, կիրակի, Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ մատուցուելիք Ս. Պատարագին եւս պիտի յաջորդէ սիրոյ սեղան մը։ Սա պիտի ունենայ հրաժեշտի բնոյթ, որովհետեւ այս փուլով Արեւմտեան թեմէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծրագիրը արդէն պիտի եզրափակուի եւ ան յաջորդ օրը պիտի ուղեւորուի դէպի Արեւելեան թեմ՝ Նիւ Եորք։
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԾՐԱԳԻՐԸ
Նիւ Եորքի եւ շրջակայքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի ըլլայ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հիւրը։ Կիրակի, յունիսի 29-ին, ան պիտի պատարագէ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Ս. Պատարագին պիտի յաջորդէ իրեն ի պատիւ սիրոյ սեղան մը։ Այս պաշտօնական ճաշկերոյթը պիտի սարքուի առաջնորդարանի համալիրի «Գավուքճեան» սրահի երդիքին տակ։ Նիւ Եորքի շրջանին ալ ան պիտի այցելէ՝ զանազան հայկական կամ այլ հաստատութիւններ եւ պիտի մասնակցի յարակից այլ հաւաքոյթներու՝ ներառեալ շփումները հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։
Արեւելեան թեմի ծրագրին վրայ կ՚առանձնանայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ մեծ համերգ մը, որ տեղի պիտի ունանայ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ յարակից «Ապաճեան» սրահին մէջ, յունիսի 27-ին։ Բացի հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիէն, յայտագրին մաս պիտի կազմեն շարք կը արժէքաւոր ու համակրելի անուններ. ինչպէս՝ Ալվարդ Մայիլեան, Սամի Մերտինեան, Հայկ Արսէնեան, Նարեկ Յարութիւնեան, Եոաօ Քույումճեան, Սալիմըն Թեքալլի, Քէյթլին Սալիվըն, Էլիզապէթ Ուու։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Նիւ Եորք պիտի հասնի 23 յունիս 2025, երկուշաբթի, երեկոյեան ժամերուն։ Գործնականօրէն Արեւելեան թեմի իր ծրագիրը պիտի սկսի օր մը վերջ՝ 24 յունիս 2025, երեքշաբթի, երբ առաւօտուն Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի համալիրէն ներս, «Գալուստեան» սրահի երդիքին տակ, Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի մէկտեղուի շրջանի եկեղեցիներու տիկնանց կազմերու անդամուհիներուն հետ։ Այս հանդիպման ներկայ պիտի գտնուին Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Քոնեքթիքըթի եւ Ֆիլատելֆիոյ շրջաններու բոլոր եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։
Նոյն երեկոյեան, դարձեալ առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներուն հետ պիտի ընթրէ՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի։
25 յունիս 2025, չորեքշաբթի, ուղեւորութեան ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մին կեանքի պիտի կոչուի՝ քանի նախատեսուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանը։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ քաղաքավարական հանդիպումներ պիտի ունենայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Նոյն օրը, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Թէքէեան մշակութային միութեան ղեկավարութիւնը եւ անդամութիւնը ընթրիքի սեղանով մը պիտի մեծարեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
26 յունիս 2025, հինգշաբթի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի մասնակցի իրեն ի պատիւ կազմակերպուած միջեկեղեցական ճաշասեղանի մը։ Էքիւմենիք այս հաւաքոյթին հրաւիրուած են Կաթոլիկ, Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու Հիւսիսային Ամերիկայի հոգեւոր առաջնորդները։ Նոյն օրը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի այցելէ «Cloisters Museum & Gardens», ուրկէ երեկոյեան Ափթաունի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ իրեն համար տեղի պիտի ունենայ Հրաշափառի արարողութիւն։
27 յունիս 2025, ուրբաթ երեկոյեան, նախատեսուած մեծ համերգէն առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Նիւ Ճըրզիի մէջ ճաշասեղանի շուրջ պիտի մէկտեղուի այցելութեան կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն հետ։
28 յունիս 2025, շաբաթ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի այցելէ Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը։ Ճեմարանի մէջ ժառանգաւոր սաներուն հետ պիտի զրուցէ եւ մատրան մէջ աղօթքի պիտի նախագահէ Նորին Ամենապատուութիւնը։
Հարկ է նշել, որ նոյն օրը ուղեւորութեան ծրագրի գագաթնային այլ փուլերէն մէկը նախատեսուած է։ Արդարեւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանի շուրջ պիտի հիւրընկալուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան կողմէ։ Ծանօթ է, որ ՀԲԸՄ հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնն է եւ անոր աշխարհատարած ցանցը սերտ համագործակցութեան մէջ է եկեղեցական կառոյցներու հետ։
29 յունիս 2025, կիրակի առաւօտ, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ մատուցուելիք Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Այս երգչախումբը, որ առաջնորդանիստ մայր տաճարի երգեցողութիւնները տասնամեակներէ ի վեր կը կատարէ, միշտ իր անդամութեան շարքին ունեցած է նախկին եկեղեցասէր պոլսահայեր, որոնք իրենց նոր հաստատուած վայրին մէջ ծառայութիւն մատուցելու հարթակի մը վերածած են այս երգչախումբը։
Ս. Պատարագին յաջորդելիք առաջնորդարանի համալիրի «Գավուքճեան» սրահի սիրոյ սեղանը, յագեցած օրերէ վերջ, հրաժեշտի բնոյթ պիտի կրէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վերադարձին ընդառաջ։
30 յունիս 2025, երկուշաբթի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան վերջին օրը, ծրագրին վրայ նախատեսուած է այցելութիւն՝ Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանը։ Սա կը բնորոշէ Նորին Ամենապատուութեան ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլը, որմէ վերջ արդէն ան Պոլիս վերադարձի թռիչքին կը պատրաստուի։
Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս այցելութեան նախապատրաստութիւններուն ներգրաւուած են ո՛չ միայն նախկին պոլսահայ շրջանակներ, այլեւ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի բոլոր մշակութային եւ բարեսիրական հայկական կազմակերպութիւնները, ինչ որ տարբեր իմաստ եւ տարողութիւն կը վերագրէ ուղեւորութեան։ Այս ամբողջին մէջ հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմէ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործադիր քարտուղարուհի Նաթալի Գաբրիէլեան։
Արեւելեան թեմէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հիւրընկալման կարգադիր յանձնախումբի աշխատանքները կը գլխաւորեն Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան եւ Թամար Գայսէրլեան։ Այս վերջիններուն գլխաւորութեամբ ստեղծուած կարգադիր յանձնախումբի միւս անդամներն են հետեւեալները.
Հիլտա Ատիլ, Ռաֆֆի Ալլավերտի, Պերճ Արազ, Շահան Արծրունի, Զուարթ Պալըքճեան, Ժագլին Պալթայեան, Լինտա Արազ-Պերենսոն, Շակայ Շահինեան, Նաթալի Կապրիէլեան, Հայկ Կիւլեան, Յակոբ Համբարձումեան, Մարգրիտ Համբարձումեան, Հիլտա Հարթունեան, Ժիւլիէթ Ինան, Քրիս Գալֆաեան, Հրաչ Գաբրիէլեան, Աւետիս Քացախեան, Ռիթա Քեսքինեան, Էլիզապէթ Քոտապաշեան, Կրեկորի Մանուէլեան, Թալին Մանուկեան, Անի Միննեթեան, Արեգ Նիսանեան, Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան, Դալար Սարաֆեան, Հիլտա Պիոսեան-Շէշէթեան, Ժերմէն Թեք, Յակոբ Վարդիվառեան եւ Ալիս Եիղիտքուրտ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուլիսի 1-ին վերադարձած պիտի ըլլայ իր Աթոռը։