Չորեքշաբթի 14, Մայիս 2025
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՕՐ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած՝ երկիրներու ներկայացման օրը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի նախակրթարանի տղաքը կազմակերպած էին այս ձեռնարկը՝ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։ Անոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ներկայացուցին աշխարհի զանազան երկիրներու մշակոյթը, աւանդութիւնները, պարերն ու երգերը, ինչպէս նաեւ խոհանոցները։ Խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ կեանքի կոչուեցաւ ծրագիրը, որու աւարտին բոլորը հերթական անգամ ընդգծեցին բազմազանութեան կենսական նշանակութիւնը։
Չորեքշաբթի, Մայիս 14, 2025