ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները։ Այս եկեղեցւոյ աւանդական ուխտի օրը կը զուգադիպի Ամենայն Սրբոց տօնախմբութեան, որու ընդառաջ թաղականները Գումգաբու փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնցմէ տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան ամենավերջին նորութիւններուն շուրջ։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025