Հինգշաբթի 16, Հոկտեմբեր 2025
ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյններէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան շաբաթավերջին ուրախութիւնը ունեցաւ հիւրընկալելու թերթիս Երեւանի աշխատակիցներէն Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեանն ու Հրայր Տաղլեանը, որոնք քաղաքիս մէջ կարճ կեցութիւն մը ունեցան՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնի արեւմտահայերէն տարբերակի կալային առթիւ։ Տէր հայրը բնակարանին մէջ սիրով ողջունեց Քորթմոսեանն ու Տաղլեանը, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։ Զրոյցը ծաւալուեցաւ բազմաբնոյն նիւթերու շուրջ։
Հարկ է յիշեցնել, որ Քորթմոսեան հրատարակութեան պատրաստած էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի համատեղ ջանքերով լոյս տեսած գիրքը, որ կը կոչուի «Կեանքը որ կ՚ապրինք»։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025