ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՍԱՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Էսաեան վարժարանի միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններու աւարտական դասարաններու սաները։ Աշակերտական խումբը առաջնորդեցին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար։ Կրթական մշակներ ալ միացած էին խումբին, մինչ հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Դահլիճին մէջ նախ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը սիրով եւ ուրախութեամբ ողջունեց աշակերտները Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մատնանշեց, որ այդ երդիքը կը պատկանի ամբողջ համայնքին եւ այս պատճառով զանազան սերունդներէ այցելուներ կ՚ընդունի եւ կը ստանայ տեղեկութիւններ։ Ան բացատրեց, որ համայնքը մեծ մարմին մըն է եւ անոր անդամները առիթները կրնան օգտագործել, որպէսզի աւելի մօտէն ծանօթանան Պատրիարքարանին։

Իր կարգին, տնօրէնուհի Տենչա Չընարն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ յատկացուած ժամանակին եւ աշակերտներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։

Որպէս յիշատակ՝ աշակերտները Նորին Ամենապատուութեան յանձնեցին յուշանուէր մը։ Ան ալ, իր հերթին, բոլորին նուիրեց գիրքեր եւ Ամանորի շրջանին բնորոշ նուռեր։ Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աղօթք արտասանեց աշակերտներուն վրայ եւ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։

Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ աշակերտները շրջայց մըն ալ կատարեցին Պատրիարքարանի «Յովհաննէս Կոլոտ» թանգարանին մէջ։ Իրենց ուղեկցեցաւ բաժանմունքի տնօրէնը՝ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ սաներուն տեղեկութիւններ տուաւ այնտեղ մատուցուած իրերուն շուրջ։

Էսաեանցիները, հուսկ, շրջեցան Պատրիարքարանի համալիրը, իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ ծանօթացան Պէզճեան Մայր վարժարանին։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025