ԳԱՐԹՈՒՆ ԴԷՊԻ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈԼԷՃ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտներէն Առէն Թովմաս Գարթուն յաջողած է մուտք գործել Ռոպերթ քոլէճ։ Լիսէներու մտից քննութեան (LGS) մէջ ան արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն մը՝ նկատի ունենալով, որ Ռոպերթ քոլէճ մուտք գործելու համար անհրաժեշտ է քննութեան գրեթէ բոլոր հարցումներուն ճիշդ պատասխանել։ Առէն Թովմաս Գարթուն այսպիսի մեծ մրցակցութեան մը պայմաններուն ներքեւ յաջողած է առաւելագոյնին հասնիլ, ինչ որ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ իր ուսումնառութեան շարունակութեան եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ։ Արդարեւ, հարուստ աւանդոյթներով Ռոպերթ քոլէճը կը համարուի բոլոր շրջանաւարտներուն տեսակէտէ անկիւնադարձ մը։

Օրթագիւղի ընտանիքը գոհունակութեամբ ողջունած է Առէն Թովմաս Գարթունի այս գերազանց յաջողութիւնը։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Առէն Թովմաս Գարթունը, որուն կը մաղթենք ապագայ նոյնքան փայլուն յաջողութիւններ եւ կը խնդակցինք իր ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025