ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԾՐԱԳՐՈՎ ՄԸ ՆՇԵԼ ԹԱՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 240-ԱՄԵԱԿԸ. «ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐԲԵՌՆՈՒԻ»
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Օրթագիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, որոնք իսկապէս ողջունելի նախաձեռնութեան մը լուրեր բերած էին մեզի։ Այսպէս, Օրթագիւղի մէջ շուրջ տարիէ մը ի վեր թափով պատրաստութիւն կը տարուի՝ հայերէն թատրոնի մը ներկայացման համար։ «Պարոնեանը կը վերբեռնուի» խորագրեալ այս ներկայացման բեմադրիչը պիտի ըլլայ Եղիա Աքկիւն, որ բեմագրութեան ալ հեղինակը եղած է՝ Ալթուղ Եըլմազի հետ։ Թարգմանական աշխատանքները իրականացուած են դպրոցի ուսուցչուհիներէն Մարի Քալայճըի կողմէ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, արժէքաւոր կրթական մշակ Դալար Չիտէմ եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արաս Ալաքուշ, որոնք պատուեցին խմբագրատունս, մեզի մանրամասնութիւններ հաղորդեցին այս նախաձեռնութեան շուրջ, որ կը վայելէ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութիւնը։
«Պարոնեանը կը վերբեռնուի» խորագրեալ այս թատերական ծրագրին համար Օրթագիւղի ընտանիքէն ներս ստեղծուած է «Կանչ» թատերախումբը։ Սա նորաստեղծ խումբին առաջին բեմի փորձառութիւնը պիտի ըլլայ։ Յամենայնդէպս, նախագծին ներգրաւուած են նաեւ «Յանկարծ» թատերախումբը, ինչպէս նաեւ Թարգմանչաց վարժարանէն կրթական մշակներ, նաեւ շրջանաւարտներ։ Այսինքն, Օրթագիւղի ընտանիքը մեծ համախմբումի մը ձեւաչափին մէջ ձեռնամուխ եղած է այս գործին՝ մանաւանդ, որ Թարգմանչաց վարժարանի 240-ամեակի յոբելենական շրջանը խնդրոյ առարկայ է։
Հայկական երգիծաբանութեան անմոռանալի ու վիթխարի հսկան՝ Յակոբ Պարոնեան պատմականօրէն Օրթագիւղի հետ նոյնացած անուն մըն է։ Իր ժառանգութիւնը դարերու հոլովոյթին մէջ վերարժեւորուած է եւ զանազան լեզուներու թարգմանուած։ Ծանօթ է, որ Պարոնեան այն հազուագիւտ հայ հեղինակներէն է, որոնց գործերը թրքերէնի ալ թարգմանուած են։ Յակոբ Պարոնեանի անգնահատելի ժառանգութիւնը այսօր նորովի կը մատուցուի սոյն թատերական նախաձեռնութեամբ՝ մինչ Օրթագիւղի ընտանիքը ունի այն համոզումը, թէ մեծ զոհողութիւններով տարուած աշխատանքները պիտի արդարանան, արուեստագէտները գնահատանքի պիտի արժանանան, իսկ Յակոբ Պարոնեանի վիթխարի ժառանգութեան վերարծարծումը հանդիսատեսի մտահորիզոնին մէջ նոր դռներու բացման պիտի ծառայէ։
Օրթագիւղի ընտանիքին այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար։
Միւս կողմէ, Օրթագիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր եւս ներկայացուցին յոբելենական ծրագիրը։ Անոնք ստացան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնները։
