ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս երէկ ձեռնարկեց իր ուղեւորութեան ծրագրի գործադրութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան մեկնարկային այս փուլը բնորոշուեցաւ կրթական համակարգի նկատմամբ ուշադրութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անցուց աշակերտներով եւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներով շրջապատուած օր մը։
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ուղեկցութեամբ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան սկիզբին այցելեց հայաշատ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր ուխտի աղօթքը կատարելէ վերջ անցաւ յարակից Յովսէփեան վարժարանը։ Տնօրէն Շահէ Մանկըրեանի գլխաւորութեամբ, կրթօճախի պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ անմիջական զրոյց ունեցաւ աշակերտութեան հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը աւելի վերջ այցելեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փասատինայի կեդրոնը, որ ներկայիս՝ որպէս երդիք կը ծառայէ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ վարժարանին համար։ Ծանօթ է, որ այս դպրոցին շէնքը մօտաւոր անցեալին հրոյ ճարակ դարձած էր ցաւալի դէպքի մը հետեւանքով, ուստի, ՀԲԸՄ տեղին տնօրինութիւնով մը Փասատինայի իր կեդրոնը տրամադրած է, որպէսզի կրթական գործունէութիւնը չկաղայ՝ մինչեւ շէնքի վերանորոգումը։ Այս փուլին եւս Նորին Ամենապատուութիւնը աշակերտներուն հետ զրուցեց՝ մինչ ստեղծուեցաւ ջերմ ու անմիջական մթնոլորտ մը։
Յետմիջօրէին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը։ Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք, որու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը մէկտեղուեցաւ՝ յարակից համալիրի՝ առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած ամրան ճամբարի փոքրիկներուն հետ։ Նոր սերունդի ներկայացուցիչներու հետ իւրաքանչիւր հանդիպման Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարծես ա՛լ աւելի կ՚ոգեւորուէր եւ փոքրիկներու ու պատանիներու ցուցաբերած վերաբերմունքին մէջ զգալի կը դառնար իր ալ տրամադրութեան բարձրացումը։ Ան ինչպէս աշակերտներուն, այնպէս ալ կրթական մշակներուն նկատմամբ ցուցաբերեց հայրական սիրոյ վերաբերմունք։
Աւելի վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցաւ առաջնորդարան, ուր մէկտեղուեցաւ թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներուն հետ։ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այս փուլին ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնաբեր ներկայութիւնը առաջնորդարանի երդիքին տակ։ Դահլիճին մէջ ազատ զրոյց տեղի ունեցաւ հոգեւոր հայրերու հետ եւ այս հաւաքի ընթացքին քաղած մանրամասն տեղեկութիւններու լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց Արեւմտեան թեմի լայնածաւալ գործունէութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ան արժեւորեց նաեւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ՝ որպէս առաջնորդ պաշտօնավարման վերջին տասնամեակներուն ապահովուած անփոխարինելի ներդրումը։
Օրուան աւարտին, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Ընթրիքի ժամանակ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեց Աստուածաշունչ մը։ Նորին Ամենապատուութեան, թեմակալ առաջնորդին եւ հոգեւոր հայրերուն մասնակցութեամբ ընթրիքի սեղանի շուրջ ալ եղբայրական զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան նիւթերու եւ հովուական ծառայութեան խնդիրներու շուրջ։