Շաբաթ 18, Հոկտեմբեր 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՄԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ «0 արտանետում/թափօն (Sıfır Atık)» միջազգային ֆորումին, որ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ՝ հովանաւորութեամբ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի։ Ֆորումը ձօնուած էր՝ «0 արտանետում/թափօն շարժումը. մարդիկ, վայր, փոխակերպում» նիւթին։
Հաւաքին ներկայ էին ՄԱԿ-ի Հապիթաթի գործադիր տնօրէն Անաքլոտիա Ռոսպախ, կառավարութեան անդամներ, «Sıfır Atık» հիմնարկի նախագահ Սամետ Աղըրպաշ եւ կրօնից տեսուչ փրոֆ. Սաֆի Արփակուշ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ելոյթներուն հետեւեցաւ եւ շնորհաւորեց կազմակերպիչները։ Նորին Ամենապատուութեան ուղեկցեցաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025