ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐ

Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Բարեյիշատակ նկարչուհիի յիշատակը վառ պահելու առաջադրութեամբ, հարազատներուն կողմէ ստեղծուած համանուն հիմնարկը տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ այս նախաձեռնութեամբ, որ դարձած է աւանդական։ Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։

Միջնակարգի դասաւորման դափնեկիրները հանդիսացան՝ Մելանի Էլա Սատաք (Սահակեան-Նունեան վարժարան), Միրանտա Սերթելեան (Մխիթարեան վարժարան), Ըլկըն Ազրա Տինտար (Արամեան-Ունճեն վարժարան) եւ Քրիս Շեփիքլեան (Արամեան-Ունճեան վարժարան)։

Լիսէներու անուանակարգին մէջ առաջին հորիզոնականները զբաղեցուցին՝ Նորա Տավուլճեան (Մխիթարեան վարժարան), Եազ Թիւրքելի (Մխիթարեան վարժարան), Ռումէյսա Չաղլար (Սահակեան-Նունեան վարժարան) եւ Միքայէլ Յովհաննիսեան (Սահակեան-Նունեան վարժարան)։

Բաց աստի, «Քրիստին Սալերի» մեծ մրցանակին արժանի դասուեցան՝ Նիրվանա Շարքըլը (Սահակեան-Նունեան վարժարան) եւ Գարուն Երազ Ճըրըլ (Էսաեան վարժարան)։

Նախաձեռնարկ հիմնարկի ներկայացուցիչները մրցանակաբաշխման ընթացքին յանձնեցին բոլորին պարգեւները՝ յղելով ջերմ շնորհաւորութիւններ եւ մաղթելով ապագայ յաջող ստեղծագործական ուղի։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025