Հինգշաբթի 19, Յունիս 2025
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ
Կեդրոնականի ընտանիքը 2024-2025 տարեշրջանի աւարտին իրականացուց իր աւանդական դաշտագնացութիւնը։ Աշակերտները, կրթական մշակներ, դպրոցի պաշտօնէութիւնը, կամաւորները, հիւրեր եւ վարիչները միասնաբար ուղեւորուեցան դէպի Քիլիոս։ «Եշիլ չիֆթլիք» զբօսարանին մէջ բոլորը անմոռանալի օր մը անցուց՝ բնութեան ծոցէն ներս։ Օրուան տեւողութեան պտոյտի մասնակիցները գնդակ խաղացին, քաղաքի ժխորէն հեռու բնութիւնը վայելեցին ու միասնաբար բացօթեայ ճաշեցին։ Պտոյտի մասնակիցները վառ տպաւորութիւններով վերադարձան՝ իրենց տրամադրուած յատուկ փոխադրամիջոցներով։
Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025