ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ «ՀԱՅMUN»

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «ՀայMUN»ը, որուն մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու սաները։ Միջվարժարանային այս ծրագիրը ընդօրինակութիւնն է՝ վերջին ժամանակներուն միջազգայնօրէն տարածում գտած նախաձեռնութեան մը, որ հետամուտ է նոր սերունդի մտային վարժանքներուն։ ՄԱԿ-ի օրինակի ձեւաչափին մէջ երիտասարդները կը ծաւալեն քննարկումներ, կ՚ունենան կարծիքի փոխանակումներ։ Համայնքային հինգ լիսէներու սաներն ալ նման յայտագիր մը կեանքի կոչեցին՝ դառնալով երկրի մը ներկայացուցիչը ու վարեցին պայմանական բանակցութիւններ։

Անոնց խօսակցութիւններու առանցքին էին՝ թուային ժամանակաշրջանին տուեալներու խորհրդապահութիւնը, պատերազմներն ու պետութիւններու քաղաքականութիւնները։ Այս բոլորի լոյսին տակ պատրաստուեցան նաեւ ամփոփ տեղեկագրեր։

Եզրափակիչ փուլին բոլոր մասնակիցները համախմբուեցան՝ մինչ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի հիւրընկալութեան համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025