ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՄԱՆՈՐԸ
Պէշիկթաշի ընտանիքը 2026 թուականը դիմաւորեց աւանդական արարողութիւններով եւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ։ Երէկ, թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեմուտի արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արման Սրկ. Մարաշլեան, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։
Բազմաթիւ ուխտաւորներ տարուան առաջին օրը փութացած էին մասնակցելու Ս. Պատարագին, որու ընթացքին ունկնդրեցին հանդիսադիր հայր սուրբի քարոզին։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Ապա հերթը հասաւ աւանդական նռօրհնէքին։
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, յարակից «Պալեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շնորհաւորութեան խօսք մը ուղղեց Արման Մարաշլեան։