ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեանի ընտանիքը վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ ապրեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի պարզէտին մէջ կազմակերպուած հանդէսը փառաշուք տօնախմբութեան մը համազօր էր՝ քանի զուգադիպեցաւ Մխիթարեանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Հաստատութեան վերջին ընթացաւարտները տօնական մթնոլորտի մէջ համալրեցին Մխիթարեանի պատուաբեր սաներու շարքը։ Ինչպէս մօտաւոր անցեալի Խաւիծի օրը, այնպէս ալ նախընթաց օրուան շրջանաւարտութեան հանդէսը այս տարի յոբելենական փուլին յարիր ձեւով կազմակերպուած էին, մինչ բոլոր մխիթարեանցիները հերթական անգամ ըմբոշխնեցին այս մեծ ընտանիքին պատկանելու արդար հպարտութիւնը։
Թէ՛ միջնակարգի եւ թէ լիսէի շրջանաւարտները միասին ստացան իրենց վկայականները, յամենայնդէպս, ձեռնարկի յայտագրին մէջ առանձին բաժիններ վերապահուած էր անոնց համար։ Երեկոյթին պատուոյ հիւրն էր Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեանի ընտանիքի վարիչներուն կողմէ։ Այս վերջինները անթերի հիւրասիրութիւն ցուցաբերեցին նաեւ բոլոր հիւրերուն նկատմամբ՝ շրջանաւարտներուն միասնաբար, պատշաճօրէն հրաժեշտ տալու ճանապարհին։ Մխիթարեանի ընտանիքին ուրախակից էր նաեւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ։
Հանդէսի ընթացքին արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր, որոնց շարքին առանձնապէս ուշագրաւ էին լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըի արտայայտութիւնները՝ քանի անոնց գլխաւորած ուսուցչական կազմը նուիրեալ աշխատանքով հասցուցած էր շրջանաւարտները։
Անշուշտ, վկայականներու եւ յուշանուէրներու յանձնման փուլին խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Ծափողջոյններու ներքեւ շրջանաւարտները հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։
Հուսկ, բոլորի անկեղծ բարեմաղթանքի մթնոլորտին մէջ, շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն՝ իրենց առագաստը պարզելու համար դէպի կեանքի նոր հորիզոններ։