ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Թուրք օդային ընկերութեան սաւառնակով վայրէջք կատարեց Իսթանպուլի օդակայանը։ Իր հետ վերադարձաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ իրեն ընկերացած էր՝ որպէս գաւազանակիր։

Նորին Ամենապատուութիւնը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկական շաբաթ անցուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերէն ներս։ Ուղեւորութիւնը բնորոշուեցաւ վառ պահերով եւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ մանաւանդ ամերիկահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ստեղծուած հետաքրքրութեան առումով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025