ԳՆԱ­ԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒ­ՆԱՑ ՎԱՆ­ՔԻ ԱՄ­ՐԱՆ ՃԱՄ­ԲԱ­ՐԻ 65-Ա­ՄԵԱ­ԿԸ. ՅՈ­ԲԵ­ԼԵ­ՆԱ­ԿԱՆ Ե­ՐԵ­ԿՈՅ­ԹԻՆ ՀԱՅ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԷՆ ՀՐԱ­ՒԻ­ՐԵԱԼ­ՆԵՐ

Գնալը կղզիի յունաց վանքի ամրան ճամբարը արդէն կը նշէ իր հիմնադրութեան 65-ամեակը։ Երէկ երեկոյեան, այս յոբելեանին առթիւ, պատմական վանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ անցաւխնադավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ժողովրդական պարերու երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու պատուոյ հիւրն էր ՅոյնՈւղղափառ եկեղեցւոյ Պրուսայի Եոաքին մետրապոլիտը։ Հիւրընկալ ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսեւ գործակիցները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին մասնակիցներուն նկատմամբ։ Յունաստանէն ժամանածպարախումբը ծափահարութիւններու արժանացաւ՝ խոր տը-պաւորութիւն գործելով ներկաներուն վրայ։

Այս երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ հայհամայնքէն զանազան դէմքեր՝ մանաւանդ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստականղեկավար Կարպիս Չափքան։ Մեր համայնքէն գեղարուեստասէր ընտանիքներու շարքին՝ ներկայ էր նաեւ ԱրիՉոլաք, որ այս հաստատութեան հետ սերտ կապեր մշակած է եւ կը համակարգէ յունաց ճամբարին մէջ մերհամայնքի տղոց արման արձակուրդի կազմակերպման աշխատանքը՝ հաշուի առնելով, որ ակամայ փակ էԳարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանը։

Հանդիսութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները իրարու հետբաժնեցին երեկոյթի վերաբերեալ վառ տպաւորութիւն-ները, նաեւ շնորհաւորեցին Յունաստանէն փութացած հիւրարուեստագէտները։ (Լուսանկարները՝ կղզիէն)

Շաբաթ, Օգոստոս 2, 2025