Չորեքշաբթի 22, Հոկտեմբեր 2025
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՀԻՒՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրէն խումբ մը սաներ, որոնք այս շրջանին քաղաքս կ՚այցելեն՝ իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը՝ ուրախութիւն յայտնելով անոնց այցելութեան առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց անոնց հետ՝ մասնաւորապէս յորդորներ ուղղելով սաներուն։
Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ խումբը այցելեց նաեւ Պատրիարքարանի թանգարանը՝ ուղեկցութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի։ Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ հիւրերը տեսան նաեւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի արձանը։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025