«ԸՆԿԵՐ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Երէկ երեկոյեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը, որ կազմակերպուած էր Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ: Այսպէս, «Ընկեր» թատերախումբը ներկայացուց «İz» խաղը, որ հանդիսատեսներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին դերասանները, որոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026