ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՅԱՋՈՂ ԾՐԱԳՐՈՎ

Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին «Թեքնովասիոն» միջվարժարանային մրցոյթի մը մէջ։ Շաբաթավերջին, «Հիսար» վարժարաններու ցանցի հիւրընկալմամբ կազմակերպուեցաւ՝ իգական սեռէ աշակերտներու մօտ ձեռներէցութիւնը խթանելու ուղղեալ այս նախաձեռնութիւնը։

Կեդրոնականի խումբը առաջին մրցանակին տիրացաւ՝ «Պատասխանատու արտադրութիւն եւ սպառում» խորագրեալ ծրագրով, որ պատրաստուած էր ՄԱԿ-ի 12-րդ Տեղական զարգացման նպատակներու ներշնչանքով։

Այս յաջողութիւնը Կեդրոնականի ընտանիքին մօտ մեծ ուրախութեան պատճառ դարձաւ՝ մինչ բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին դպրոցը ներկայացուցած աշակերտներն ու իրենց ուղեկիցը։

Կեդրոնականի խումբին մաս կազմեցին՝ Թալիա Քույումճու, Սարա Տեմիրճեան, Լիանա Քույումճեան եւ Անիթա Չիլինկիր, որոնց ուղեցոյցն էր Ալէն Թաշճըօղլու։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026