Հինգշաբթի 23, Հոկտեմբեր 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գավաֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ թաղականները փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերջին նորութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ քաղեց։ Հուսկ, ան յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի գործունէութան համար՝ յղելով օրհնութիւնները։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025