ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ ԳՐԵԼՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ
Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ կազմակերպուեցաւ պատմուածք գրելու փառատօն մը, որուն մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներէն սաներ։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկը ձօնուած էր Սրբուհի Տիւսաբի յիշատակին։ Ընդհանուր առմամբ 16 աշակերտ մասնակցեցաւ այս նախաձեռնութեան։ Իւրաքանչիւր վարժարանի կողմէ երեք պատմուածք ներկայացուեցաւ։ Տղաքը նախ ընթերցեցին իրենց հեղինակած պատմուածքներէն բաժիններ, ապա պատասխանեցին Մարալ Աքթոքմաքեանի եւ Վահագն Քէշիշեանի հարցումներուն։ Այս վերջինները նախաձեռնութեան ընդգրկուած էին՝ որպէս հիւր։
Յայտագրի տեւողութեան տղաքը արտայայտուեցան Սրբուհի Տիւսաբի եւ իր «Մայտա» վէպի մասին։ Օրուան հիւրերն ալ՝ Աքթոքմաքեան եւ Քէշիշեան համալրեցին անոնց գիտելիքները՝ Սրբուհի Տիւսաբի վաստակին ու ստեղծագործական կեանքին շուրջ։
Եզրափակիչ փուլին ելոյթով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը, որ բարձր գնահատեց փառատօնի կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը ստանձնած կրթական մշակները, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից աշակերտներուն եւ իրենց ուսուցիչներուն։ Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ Թարգմանչաց տօնին պատգամը կարեւոր է՝ հաւատարիմ մնալու համար հայկական ինքնութեան, մշակոյթին ու մանաւանդ լեզուին, որ այդ բոլորին մէջ առանցքային դիրքի վրայ է։