«ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՀԵՏ»Ը ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին հինգերորդն էր։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ արտադրուած գործը ներկայացուեցաւ Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական թաղերէն մէկուն մէջ, ուր դարերու հոլովոյթով հայկական վառ ներկայութիւն եւ հետքեր գտնուած են։ Ցուցադրութիւններու Օրթագիւղի փուլին եւս ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Օրթագիւղը թէեւ քաղաքիս հայահոծ թաղերէ մին ըլլալէ դադրած է, սակայն, ձեռնարկը համախմբեց այնպիսի մարդիկ, որոնք հասարակաց զգայնութիւններ կը բաժնեն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Երեկոյթի մասնակիցներուն տեսակէտէ յատկանշական դարձաւ՝ մանաւանդ, որ այս ֆիլմի դրական արձագանգները հետզհետէ կ՚ընդլայնուին համայնքային շրջանակներէն ներս։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արաս Ալաքուշ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Անի Մալաթեալը։ Բացման փուլին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։ Ֆիլմի ցուցադրութենէն վերջ ալ արտայայտուելու հրաւիրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ ուրախութիւն յայտնեց վերջին օրերու ցուցադրութիւններուն, զանազան թաղերու մէջ հետաքրքիրներու հետ համախմբման հնարաւորութեան համար՝ այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն վերագրելով պատմական Օրթագիւղին։

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիմլի յաջորդ ներկայացումը այս կիրակի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025