ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՏԱՎՃԻՌ, ՈՐՈՎ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԸ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեանն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին իրենց գործունէութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք ուրախառիթ լուր մըն ալ հաղորդեցին։ Այսպէս, 2016 թուականէն ի վեր թաղային խորհուրդը կալուածի մը սեփականութեան իրաւունքին համար հետամուտ էր իրաւական պայքարի։ Վերջերս օրինական այս պայքարը դրական արդիւնք տուած է եւ դատական իշխանութիւններու արձակած վճիռին հիման վրայ՝ 176 քառակուսի մեթր մակերեսով հողամասի մը սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած է եկեղեցւոյ։ Այդ տարածքի կարգավիճակը հնարաւորութիւն չ՚ընձեռեր շինարարութիւն կատարելու։ Ըստ Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ թաղային խորհուրդը նմանաբնոյթ այլ գործընթացներու ալ հետամուտ է եւ համապատասխան աշխատանքները կը շարունակուին։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ համայնքի բարօրութեան համար գործադրուած ջանքերը։ Ան թաղականները շնորհաւորեց այս ձեռքբերումին կապակցութեամբ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը՝ յարատեւութիւն եւ կարողութիւն մաղթելով իրենց առաքելութեան համար։