«İTİMAT BÜROSU»Ի ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՀԱՇՈՒԵՔՆՆԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կողմէ երէկ համայնքային մամուլին ներկայացուեցաւ՝ «İtimat Bürosu»ի տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կատարուած քննութեան արդիւնքը։ Հաշուեքննիչ ընկերութեան մը վերապահուած գործը արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ ամսուան սկիզբին սարքած մամլոյ ասուլիսին արդէն երէկուան պաշտօնական հրապարակումը կանխելով տեղեկացուցած էր, որ հաշուեքննիչներու տեղեկագրին բովանդակութիւնը կ՚արդարացնէ «İtimat Bürosu»ի գործունէութիւնը եւ կասկածները կամ մեղադրանքները կը դառնան ի դերեւ։ 

Այս բոլորէն վերջ, ERVAB-ի կողմէ ալ երէկ այդ տեղեկագրին թրքերէն բնագիրը պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ համայնքային մամլոյ ուշադրութեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025