ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ հանդէս մը, որու ճոխ յայտագիրը յաջողութեամբ կեանքի կոչուեցաւ աշակերտներուն կողմէ։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լինտա Եաւուզի եւ Էլիզապէթ Շողիկ Եըլտըրըմի։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին զուգադիպած հանդէսին ժամանակ տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան հայերէն զանազան ելոյթներով։

Թէ՛ տեսանիւթերով եւ թէ արտասանութիւններով, նաեւ այլ խաղերով պատրաստուած յայտագրին մասնակցութիւն բերին դպրոցի զանազան դասարաններու սաները։

Հուսկ, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին գնահատեց թէ՛ աշակերտները եւ թէ այն կրթական մշակները, որոնք ներգրաւուած էին այս յայտագրին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2025