ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան երկրորդ փուլը սկսաւ՝ յատկանշական իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։ Այսօր, շրջագայութեան ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մէկուն հասած է հերթը. Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կ՚այցելէ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանը։ Երէկ, Լոս Անճելըսէն Նիւ Եորք անցնելէ վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջապէս ձեռնարկեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ծրագրին, որ կը տեւէ ներկայ շաբթուան տեւողութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախընթաց օր երեկոյեան հասած էր Նիւ Եորք, ուր օդակայանին մէջ դիմաւորուած էր Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի կողմէ։ Կեցութեան ծրագրին վրայ առաջին քայլափոխին նախատեսուած իրադարձութիւնները վերածուեցան նուիրեալներու հետ անկեղծ զրոյցներու։ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուայ առաջին եւ երկրորդ կէսերուն մասնակցեցաւ երկու տարբեր բազմանդամ հաւաքի։ 

Օրուայ սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի բազմաթիւ եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան միշտ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր։ Այս հանդիպումը բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ աշխարհի ամէն կողմը հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս իգական սեռին կը վիճակի բացառիկ դերակատարութիւն։ Նորին Ամենապատուութիւնը նոր աշխարհի մէջ խարսխուած ծուխերու կանանց փորձառութեան վերահասու դարձաւ ամենայն ուշադրութեամբ։ Աւելի քան 150 հոգի մասնակցեցաւ՝ ճաշասեղանի շուրջ կազմակերպուած այս հաւաքին, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ տուաւ իր պատգամը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց համայնքներու կեանքէն ներս կանանց մատուցած հաւատարիմ ծառայութեան համար։

Հաւաքոյթի տեւողութեան հարցում-պատասխանի ձեւաչափով անկեղծ ու հետաքրքրական զրոյց մը ծաւալուեցաւ։ Արծարծուեցան հայ իրականութեան զանազան օրակարգային հարցերը՝ մինչ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներու հետաքրքրութիւնը յագեցուց նաեւ թրքահայութեան վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։ Հուսկ, հաւաքոյթի մասնակից կանայք արձակուեցան՝ մի առ մի ստանալով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Երեկոյեան, առաջնորդարանի «Գավուքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներուն հետ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիպումը, որ բնորոշուեցաւ հովուական կեանքի մարտահրաւէրներուն շուրջ ծաւալուած բովանդակալից եւ արդիւնաւէտ զրոյցի մը մթնոլորտով։ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանին այս փուլին միացաւ նաեւ շրջանի Անթիլիասական առաջնորդը՝ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, որ ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը։ Հոգեւոր հայրերու եւ երէցկիններու մասնակցութեամբ սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Հուսկ, արձակման փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը աղօթքով օրհնեց ներկաները ու որպէս յիշատակ՝ իւրաքանչիւրին նուիրեց սուրբ խաչեր։ 

Այս կիրակի, յունիսի 29-ին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի պատարագէ Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, ուր երգեցողութիւնները պիտի կատարուին տեղւոյն «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ։ Նիւ Եորքի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը հիւրընկալուի նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ղեկավարութեան կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը յուլիսի 1-ին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։ Այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ որպէս գաւազանակիր։

  

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025