ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ
Մխիթարեանցիներու Խաւիծի օրը անկիւնադարձ մը դարձաւ՝ վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։ Մխիթարեան վարժարանը, երբ կը թեւակոխէ գոյութեան երրորդ դարը, իր աշխարհատարած շրջանաւարտները տոգորուած են անբացատրելի զգացումներով։ Խաւիծի օրը վերածուեցաւ այս հանգամանքի դրսեւորման հարթակին՝ քանի մխիթարեանցիները ապագայի նկատմամբ յուսադրուած բաժակ բարձրացուցին պատմական դպրոցի յարատեւութեան եւ շրջանաւարտներուն կենաց։
Երէկ երեկոյեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին յաջորդեց Խաւիծի օրը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ ընթրիքի ձեւաչափով նախատեսուած էր՝ 200-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպած բացառիկ հաւաքը՝ հովանաւորութեամբ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի։
Մխիթարեանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համակուած էին յոբելենական շրջանին իրենց նուիրական վարժարանի համալիրէն ներս զիրար վերագտնելու ուրախութեամբ։ Առաւել եւս բարձր տրամադրութեան մէջ էին յոբելեար շրջանաւարտները։ Մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ գործակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարգիս Սերոբ, դպրոցի զոյգ տնօրէնուհիները Եւա Օրագեան եւ Քաթիա Վարկը, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր եւ հաստատութիւններու վարիչներ։
Յայտագրին մաս կազմեցին Մխիթարեանի ընտանիքի վարիչներու ողջոյնի խօսքերը, ինչպէս նաեւ յոբելեար շրջանաւարտներու կամ այլ նուիրեալներու պարգեւատրումները։ Երգիչ Մարթէն Եորկանցի կատարումներն ալ բազմապատկեցին ստեղծուած ոգեւորութիւնը՝ մանաւանդ, որ մեներգչուհի Թաթիանա Պոստանն ալ միացաւ իրեն։ Ընթացաւարտները առիթն ունեցան նաեւ շրջելու՝ դպրոցի յարկէն ներս բացուած ցուցահանդէսը։
Հուսկ, Խաւիծի օրը այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ աւարտին հասաւ, որ յոբելենական շրջանի շարունակութեան տեսակէտէ սահմանեց ակնկալութիւններու նոր նշաձող մը։