ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՈՂԱՆՑՔ

Գատըգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ համախմբուեցաւ՝ բարձր տրամադրութեամբ։ Առաւօտուն, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեանի մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադիրներուն, սատարողներուն, բոլոր տնօրէններուն ու կրթական մշակներուն եւ անդարձ բաժնուած սաներուն։ 

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, շրջանաւարտից հաւաքը տեղի ունեցաւ վարժարանի պարտէզին մէջ, ուր սարքուած ճաշասեղաններու շուրջ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները անթերիօրէն հիւրասիրեցին շրջանաւարտները, որոնց համախմբումը սերունդներու տողանցքի պատկեր մը կը պարզէր։ Այս ամբողջին մէջ յոբելեար շրջանաւարտները բացառիկ ապրումներ ունեցան, երբ իրենց յիշատակներ յանձնուեցան ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, արամեանցիները իրարմէ հրաժեշտ առին՝ այժմէն ժամադրուելով յաջորդ տարուան համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025