ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան Պատրիարքներու բաժանմունքը, ուր խոնարհեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերու յիշատակին առջեւ։ Բաց աստի, երէկ առաւօտ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, ձեռամբ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեանի մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան հաստատութեան բոլոր հիմնադիրները, վանահայրերը, տեսուչները, տնօրէնները, կրթական մշակները, բարերարները եւ սաները։

Ի վերջոյ, դպրեվանքցիները զիրար վերագտան իրենց սիրեցեալ վարժարանի պարտէզին մէջ։ Այս փուլին ալ պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Բոլորը համակուած էին բարձր տրամադրութեամբ՝ մանաւանդ, որ յոբելեար շրջանաւարտները բացառիկ հնարաւորութիւնը ունեցած էին նախօրէին գիշերելու դպրոցին մէջ։ Լուբիայի օրուայ ճաշասեղաններու շուրջ բոլորը զիրար վերագտան՝ աշակերտութեան տարիներու յուշերով եւ դպրոցի ապագային նկատմամբ լաւատեսութեամբ։ 

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ գործակից ընկերները, տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ այլ պատասխանատուներ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլորը։ Յայտագրի տեւողութեան մեծարուեցան յոբելեար շրջանաւարտները, գեղարուեստական բաժինն ալ առանձնապէս հաճելի էր բոլորին համար։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ մէկ կողմէ ուշադրութեամբ հետեւեցան ծրագրին, իսկ միւս կողմէ մտերմիկ զրոյցներով վայելեցին իրարու անմիջականութիւնը։ Դպրեվանքցիները, որոնք աշխարհով մէկ սփռուած ազդու ցանց մը կը կազմեն, պայմանաւորուեցան, որպէսզի յաջորդ տարի ալ նոյն կենսունակութեամբ մասնակցութիւն բերեն աւանդական Լուբիայի օրուան։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025