ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ
Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութեան մէջ էր՝ շրջանաւարտներու բաժակի օրուան առթիւ։ Վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս հաւաքը, որ բնորոշուեցաւ արտակարգօրէն բարձր տրամադրութեամբ։
Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն արդէն դպրոցի պարտէզը բերվնէ բերան լեցուն էր։ Ճաշասեղանի շուրջ համախմբուած էսաեանցիներուն խանդավառութիւնը նուազ չէր՝ իրենց աշակերտութեան շրջանի օրերէն։ Սերունդներու այս մեծ ժամադրութեան միջավայրին մէջ մեծարուեցան յոբելեար շրջանաւարտները։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, զոյգ տնօրէնուհիները՝ Տենչա Չընար եւ Առլին Եշիլթեփէ, ինչպէս նաեւ Էսաեանի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին բոլոր ներկաները։ Բացի ողջոյնի խօսքերէն եւ պարգեւատրումներէն, յայտագիրը, որ գործադրուեցաւ Քարէն Թէրզիեանի հանդիսավարութեամբ, ընդգրկեց զանազան ելոյթներ՝ մանաւանդ պարերը կրկնապատկեցին բոլորին յուզումը։ Բաժակի պահուն դպրոցի պարտէզը թնդաց «Ապրի՛ Էսաեանը, ապրի՛ էսաեանցին» մաղթանքով, մինչ շրջանաւարտներու շուրթերէն այնքան յաղթական հնչեց «Ողջոյն տաճար»ը։
Երէկ առաւօտ ալ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան դպրոցի բարեյիշատակ հիմնադիրները՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները, որոնց բարոյական ներկայութեան առջեւ բիւր յարգանքով խոնարհեցաւ բոլորը։
Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ քարոզ մը։ Պատարագիչն էր Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։