ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր համայնքի կրթական մշակներէն Լենա Չաքըր, Մելիսա Ինկիլիզօղլու եւ Արփէն Չընար, որոնք Էսաեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն, վերջերս Գերմանիա այցելեցին՝ միջազգային ծրագրի մը մասնակցելու համար։ Այսպէս, Ֆլենսպուրկ քաղաքի Սանքելմարք ակադեմիային մէջ կազմակերպուած, փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ կրթութեան միջազգային ծրագրին ներկայ գտնուիլը իրենց տեսակէտէ եղաւ հարստացուցիչ։ Թուրքիայէն այլ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան այս նախաձեռնութեան, որու շրջանակներէն ներս կրթական մշակները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին բազմալեզուութեան, մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն նման նիւթերու վրայ։

Հարկ է նշել, որ Գերմանիա մեկնած վերոյիշեալ կրթական մշակներուն մասնակցութեամբ Էսաեան վարժարանի մէջ այսօր նախատեսուած է հաւաքոյթ մը, որով անոնք իրենց տպաւորութիւններն ու դիտարկումները կը բաժնեն համայնքային վարժարաններու կրթական մշակներուն հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025